2010-09-25 14:31:47

Նիւ Եորքի Մէջ Շարունակուեցան Նախարար Նալպանդեանի Հանդիպումները.


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանդեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ։ Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին վերջերս համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւններուն մէջ նկատուող աշխուժութեան առնչութեամբ եւ համաձայնեցան յաւելեալ աշխատանքներ տանիլ յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման համար։ Ապա Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ նախանցեալ օր Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէի, Ռոպըրթ Պրատքէի, Իկոր Փոփովի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հանդիպման ընթացքին Նալբանդեան բարձր գնահատեց համանախագահ երկիրներու ջանքերը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի նախորդ նստաշրջանին ընթացքին ազրպէյճանական ապակառուցողական բանաձեւի նախագիծի քննարկման յետաձգման գծով։







All the contents on this site are copyrighted ©.