2010-09-25 12:20:51

Հայ Կաթողիկէ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համագումար Պէյրութի մէջ ։


Հայ Կաթողիկէ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համագումար Պէյրութի մէջ ։

Լիբանան - 24 եւ 25 Սեպտեմբեր 2010-ին, տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, Հայ Կաթողիկէ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համագումարին նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Ժողովին մասնակցեցան Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու պատասխանատուներ եւ ներկայցաուցիչներ։

Սոյն հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեց Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը.

Սիրելի լրագրողներ, լրագրողուհիներ եւ Հաղորդակցութեան Միջոցներու պատասխանատուներ,

Հայրական սիրով ձեզ կողջունեմ եւ կը մաղթեմ որ այս աննախընթաց Հաղորդակցութեան Միջոցներու Համագումարը յաջողութեամբ կատարէք։

Ձեր աշխատանքը առաքելութիւն մըն է նաեւ, որ կը կայանայ լրատուողական միջոցները ծառայեցնել ի նպաստ ճշմարտութեան, որ նոյնինքն է Յիսուս Քրիստոս, որ մարդուն ցանկութիւնները եւ անոր կեանքին ընթացքը կազնուացնէ՝ գաղափարին, մշակոյթին եւ ապրելակերպին գծով, այսինքն՝ կը դարձնէ մարդը աւելի ընկերային, աւելի համագործակցող իր նմաններուն հետ եւ աւելի երջանիկ։

Ձեր մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներու շնորհիւ, դո՛ւք մասնակից դարձաք Քրիստոսի հասարակաց քահանայութեան, կարգաւոր քահանաներուն հետ միասին։ Ձեր պաշտօնը պիտի ըլլայ հրապարակել մատչելի եւ հրապուրիչ միջոցներով Ս. Աւետարանին Խօսքը եւ անոր իմաստը մարդու բարիքին համար։

Անցեալ Մայիս 16ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը, Հաղորդակցութեան Միջոցներու Օրուան առիթով, այսպէս արտայայտուեցաւ.

՜՜ Կը յորդորեմ ձեզ, դրոշմուածնե՛րդ՝ հաւատարիմ մնացէ՛ք Աստուծոյ խօսքին, քաջ գիտնալով որ դուք ընտրուած էք եւ հաստատուած՝ ճշմարտութեան վկաներ ըլլալու ձեր շրջանակէն ներս։ Պէտք է գիտնաք իմաստութեամբ գործածել Հաղորդակցութեան Միջոցները, որպէսզի մարդոց ծանօթացնէք Եկեղեցւոյ իսկական դիմագիծը ու անոր առաքելութիւնը, եւ օգնէք ձեր ժամանակակիցներուն՝ ճանչնալու Քրիստոսին իրական դէմքը։

Ճանչնալ Քրիստոսը այսօր դիւրին բան մը չէ։

Նախ՝ դուք պարտիք զայն խորապէս ճանչնալ՝ Եկեղեցւոյ մէջէն, ուր բարիին մօտ չարը կայ, ճշմարտախօսին հետ ստախօսը կայ, հաւատարիմ մարդուն կից անհաւատարիմը կայ։

Հնարամիտ մօտեցումով եւ ուսումնասիրուած տուեալներով պիտի աշխատիք մարդոց հրամցնելու հարազատ դէմքը Եկեղեցւոյ, որ թէպէտ մեղաւորներով կազմուած է, սակայն հոն կը ցոլայ նաեւ Աստուծոյ հայրական սէրը եւ անոր ողորմութիւնը, որ կարողութիւն ունին յաղթահարելու ամէն տեսակ յուսալքում եւ լուսաւորելու զանազան հարցերը։ Այս ուղղութեամբ, օգտակար է ուշադրութեամբ դիտել համոզուած քրիստոնեաներու ապրելակերպը ու անոնց քաջութիւնը, եւ ինչպէ՜ս քրիստոնէաբար կը դիմագրաւեն ամենօրեայ դժուարութիւններուն։ Ասոնք են այսօրուայ Քրիստոսի վկաները, եւ բարեբախտաբար անոնք քիչ չեն եւ կը գտնուին ամենուրեք։

Այս է ձեր պատուական գործը, սիրելիներ, մարդոց ցոյց տալ դրական կողմերը, որ յոյս կը ներշնչեն եւ խաղաղութիւն կը սփռեն։ Ալեկոծեալ այս աշխարհին մէջ, մարդիկ կը շուարին թէ որո՞ւն հաւատան եւ ո՞ր ճամբան բռնեն, չսխալելու եւ սրտի խաղաղութիւնը չկորսնցնելու համար։ Եւ քանի որ այսօրուայ մարդը ուսեալ է եւ իրեն ձեռնտու են Հաղորդակցութեան Միջոցները, ան կը կարդայ ու կը լսէ, կը տեսնէ ու կը հետեւի աշխարհի բոլոր անցուդարձերուն։ Աշխարհը փոքր գիւղի նմանցուցին, քանի որ այլեւս գաղտնի բան մը չի մնար։ Ձեզի կը մնայ խաբուսիկ եւ ստապատիր լուրերուն դիմաց ներկայացնել ճշմարիտ աշխարհը, զոր Քրիստոս կը սիրէ ու կը հոգայ, եւ ամէն օր անթիւ յանձնառու քրիստոնեաներով կօժտէ։ Հարկ է սակայն անոնց առջեւ չծածկել իրական խոչընդոտները, որ մեզ կը շրջապատեն, այլ՝ ցոյց տալ զանոնք յաղթահարելու միջոցները։ Մէկ խօսքով՝ մարդոց փոխանցել ճշմարտութեան յուսադրիչ լոյսը, յուսալքուածները քաջալերելու եւ իրենց յոյս ներշնչելու նպատակով։

Ի՜նչ ազնիւ գործ է ասիկա, որ խօսքիս սկիզբը կոչեցի առաքելութիւն , եւ իրաւամբ այդպէս է։ Այս առաքելութիւնը սակայն լուրջ կազմաւորման կը կարօտի։ Հաղորդակցութեան Միջոցներու նիւթը ընդարձակ եւ ճիւղաւորուած գիտութիւն դարձած է, որ ամէն օր նոր տուեալներով կը ճոխանայ։ Ասոր համար, ձեր աշխատանքը կը պահանջէ հաւաքական գործ եւ կը նախատեսէ ունենալ պատրաստուած եւ խուզարկող ոգի ունեցող գործակիցներ։ Պէտք է նաեւ գիտնալ զանազանել ցորենը որոմէն, օգնելու համար մարդոց գիտնալու թէ ինչպէս աշխարհը կընթանայ դէպի իր կատարին, աստուածային իմաստութեամբ։ Աստուծմէ հեռու ո՛չ ճշմարտութիւն կայ եւ ո՛չ ալ երջանկութիւն։

Ասպարէզը լայն է, Հաղորդակցութեան Միջոցները շատ են, եւ ատախձ փնտռել ու դասաւորել ժամանակի կը կարօտի։ Դո՛ւք որ գաղափարական ունիք, եռանդով պիտի նուիրուիք այս սրբազան գործին, որովհետեւ կարժէ շինել ուր միւսները կը քանդեն, մաքրել ուր չարագործները կը կեղտոտեն, լուսաբանել ուր շահագործները կը պղտորեն։

Քաջութիւն ուրեմն ։ Աստուած ձեզ օրհնէ, ուղղէ եւ լուսաւորէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.