2010-09-24 13:31:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը Եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Ուրբաթ 24 սեպտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Տիար Իվան Ուրտանեդա՝ Վենիզուելայի դեսպանը եկած իր հրաժեշտի այցելութեան կատարելի Սրբազան Հօր։

Նախապէս Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պրազիլի Լեսդ շրջանի եպիսկոպոսները, եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Ապա Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Դաշնակցային Գերմանիոյ Լանտ Պատեն-Վուրդեմբերկի նախագահ` տիար Ստեփան Մաբուսի եւ անոր շքախումբին, եւ գերապայծառ Գոնարտ Ծարսայի` առաջնորդը Աուսպուրկ թեմին։



Սրբազան Քահանայապետին Հայրական Խօսքը Գասթել Կանտոլֆոյի Աշակերտներուն։

Նորին Սրբութիւնը ընդունելով՝ Գասթել կանտոլֆոյի խումբ մը աշակերտներ, քահանայապետկան ամարանոցի պալատին մէջ, ըսաւ ՜՜ ուրախ եմ ձեզի հետ հանդիպում ունենալու եւ ձեզ տեսնելու, թէեւ սրտով միշտ ձեզի մօտ եմ։ Սիրեցեալ երախաներ, դուք այժմ դպրոց կը յաճախէք, բնականաբար շատ բաներ կը սորվիք, ես ալ ձեզի պէս 77 տարի առաջ սկսայ դպրոց երթալ, 300 հոգինոց փոքր գիւղի մը մէջ եւ սակայն շատ բան սորվեցայ։ Մասնաւորապէս սորվեցայ կարդալ եւ գրել եւ կը խորհիմ մեծ բան է կարդալ եւ գրել, որովհետեւ այսպէսով կրնանք ուրիշներու մտածումները ճանչնալ, թերթ եւ գիրք կարդալ եւ այսպէսով ճանչնալ 2000 տարի առաջ գրուածները։ Կարող ենք ճանչնալ աշխարհի հոգեւոր ցամաքամասերը եւ գրութեան միջոցաւ փոխանակել մեր մտածումները։ Արտակարգ բան մը կայ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, այն է՝ Աստուած գիրք մը գրած է, այսինքն Ան խօսեցաւ մեզի մարդերուս եւ գտաւ մարդիկ որոնք գրեցին գիրք մը Աստուծոյ խօսքերով, որպէսզի մենք կարողանանք կարդալ։ Եւ այսպէսով կրնանք կարդալ այն ինչ որ Աստուած կ'ըսէ մեզի։ Ապա Նորին Սրբութիւնը աշակերտներուն ըսաւ. շատ կարեւոր է դպրոցին մէջ սորվիլ բոլոր այն բաները որոնք կարեւոր են կեանքին համար եւ սորվիլ նաեւ Աստուած ճանչնալ, Յիսուսը ճանչնալ եւ այսպէս՝ սորվիլ ինչպէս լաւ ապրիլ։ Դուք դպրոցին մէջ կը գտնէք բազմաթիւ բարեկամներ եւ որքան գեղեցիկ է ապրիլ մեծ ընտանիքին մէջ։ Սակայն բոլոր բարեկամներուն մէջ թող ՜՜Յիսուս ըլլայ առաջինը՝՝։ Ան բոլորին բարեկամ է եւ իրապէս մեզի ցոյց կու տայ կեանքի ճանապարհը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը աշակերտներուն ըսաւ. ՜՜շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար, ձեր ուրախութեան համար եւ ամէն բարիք կը մաղթեմ ձեր բոլորին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.