2010-09-24 13:16:10

Նալբանդեանի Հանդիպումները Նիւ Եորքի մէջ։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ նախ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Նախարարները քննարկեցին Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի Հայաստան կատարած պատմական այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը եւ միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգի այլ հարցերու շուրջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ՄԱԿ-ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան մէջ ընդունեց Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարար Իսքենտըր Հիւսէյնը՝ վերջինիս խնդրանքով։ էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ թէեւ Հայաստան չէ ճանչցած Քոսովոն, սակայն նման հանդիպումներ օգտակար են միտքերու փոխանակման համար։Հայաստանի ներկայացուցչութեան մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Էսթոնիայի արտաքին գործոց նախարարներ էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ուրմաս Փայեթի հանդիպումը։

Նախարար Նալբանդեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Թունուզի արտաքին գործոց նախարար Քամել Մորճանէի, Հունգարիոյ արտաքին ործոց նախարար Եանոշ Մարտոնիի եւ Սինկափուրի արտաքին գործոց նախարար Ճորճ Եուի հետ։ Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ 2011 թուականին ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աուտրոնիուս Աժուպալիսի հետ։ Կողմերը անդրադարձան կարգ մը երկկողմանի, շրջանային եւ միջազգային հարցերու։ Նախարարները միտքեր փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ապահովման առնչուող խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերեալ։ Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարները զրոյց ունեցան նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ։

Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Մարքոս Քիբրիանուի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին յաջորդ տարուան սկիզբը Հայաստանի նախագահին Կիպրոս այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները, կիպրական տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ երկու բարեկամ երկիրներու համագործակցութեան առնչուող հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.