2010-09-23 14:16:54

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը Եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Նորին Սրբութիւնը Հոկտեմբեր 3-ին Հովուական Այցելութիւն Կը Կատարէ Իտալիոյ Բալերմօ Քաղաքի Թեմը, Տեղւոյն ՜՜Նոր Սերունդի Եւ Ընտանիքներու՝՝ Հաւաքին Առթիւ։

Սրբազան Քահանայապետը ընդառաջելով Սիկիլիոյ եպիսկոպոսական խորհուրդի հրաւէրին, յառաջիկայ հոկտեմբեր 3-ին պիտի այցելէ Բալերմօ թեմը, մասնակցելու՝ տեղւոյն եկեղեցւոյ Նոր սերունդի եւ ընտանիքներու եկեղեցական հաւաքին։ Իր այս հովուական այցելութեան առթիւ, Սրբազան Հայրը առաւօտուն բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցէ շրջանի եպիսկոպոսներուն հետ, ապա յետմիջօրէին հանդիպում պիտի ունենայ կղերին եւ կրօնաւորներու հետ, ապա նաեւ՝ հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդներուն հետ։

Բալերմոյի առաջնորդը գերապայծառ Բաօլօ Ռոմէօ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսած է ՜՜Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը մեր մէջ առիթ պիտի ըլլայ հանրութեան ներկայացնելու Սիկիլիոյ ճշմարիտ դիմագիծը, անոր պատմութիւնն ու սուրբերը՝՝։

Նշենք թէ ասիկա առաջին անգամն է որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Սիկիլիա պիտի այցելէ։

Իր նախորդը` Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը հինգ անգամ այցելած էր Սիկիլիան։








All the contents on this site are copyrighted ©.