2010-09-23 14:18:50

Հայկական Մշակութային Շաբաթ Սուրիոյ մէջ


Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն, 23-28 սեպտեմբերին Սուրիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հայկական մշակոյթի շաբաթ։

Այդ ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, ելոյթներ պիտի ունենայ Հայաստանի Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի պարի անսամպլը Դամասկոսի մէջ՝ այսօր՝ հինգշաբթի, 23 սեպտեմբերին, Տէր Զօրի մէջ՝ կիրակի, 26 սեպտեմբերին եւ Հալէպի մէջ՝ երեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին։

Հարկ է նշել, որ հայկական մշակոյթի շաբթուան առիթով, Սուրիական պատկերասփիւռը պիտի ցուցադրէ յատուկ ժապաւէն մը՝ նուիրուած՝ Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթին։








All the contents on this site are copyrighted ©.