2010-09-22 13:44:11

Թրքահայեր սկսած են այլեւս վերադառնալ իրենց բուն Կրօնքին՝Քրիստոնէութեան։ (Մարմարա-Պոլիս)


Թրքահայեր սկսած են այլեւս վերադառնալ իրենց բուն Կրօնքին՝Քրիստոնէութեան։ (Մարմարա-Պոլիս)
Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթը առջի օր արձագանգ կ՝ըլլայ լուրի մը որ յատկապէս հետաքրքրական է բոլոր հայերուն համար։ Թերթը կը յայտնէ թէ Անատոլուի տարածքէն նախապէս հայկական ծագում ունեցող Քրիստոնեաներ եւ երկար տարիներ իրենց ինքնութիւնը թաքցնելով որպէս Իսլամ ապրող Հայեր այլեւս սկսած են իրենց բուն ինքութեան վերադառնալ,ընդունելով Քրիստոնէութիւնը եւ առնելով հայկական անուններ։ Այս իրողութեան փաստ ցոյց կուտայ Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ.Տ.Արամ Արք.Աթէշեանի քրոջ թոռները ,որոնք մինչեւ այսօր կ՝ապրէին որպէս ՝՝ Մահմէտական՝՝ներ, չորս ամիս առաջ անոնք վերադարձած են իրենց պապերու ինքնութեան,իրենց անձնագիրներու կրօնքի բաժնին մէջ արձանագրել տալով ՝՝Քրիստոնեայ՝՝ բառը եւ ի մօտոյ անոնք պիտի մկրտուին հայկական անուններով։ Թերթը կը գրէ որ երկար տարիներէ ի վեր իրենցդրացիները այդ երկու ընտանիքները կը ճանչնային որպէս ՝՝Մահմէտական քիւրտեր՝՝։ Անոնք տարիներ շարունակ ճնշումներու շատ անգամ ալ վախի ազդեցութեան տակ ստիպողաբար ծածուկ պահեցին իրենց ինքնութիւնը,բայց վերջին մէկ տարոիւայ ընթացքին որոշեցին վերադառնալ իրենց պապենական հաւատքին։
Այս մասին խօսած է նաեւ Արամ Սրբազանը որ յայտնած է որ Անատոլուի մէջ բազմաթիւ հայեր կ՝ապրին,որոնք չեն համարձակիր յայտնել իրենց բուն ինքնութիւնը։Կամ կը խրտչին իրենց դրացիներէն եւ կամ կը վախնան ոը գործազուրկ կ՝ըլլան։ Իսկ ներկայ ժամանակաշրջանին մէջ,երկրին մէջ ժողովրդականութեան ծաւալումին եւ մարդկային իրաւունքներու արմատացումին հետ,իրենց նախկին կրօնքին վերադարձողներու թիւը յաւեփլում պիտի կրէ։ ՝՝ Այսօր Թուրքիոյ չորս ծագերէն, ինչպէս Թունճէլիէն,Տրապիզոնէն,Գասթամօնուէն երիտասարդներ իրենց արմատները փնտռելու համար մեզի կը դիմեն։ Եթէ մտավախութիւնները փարատին Անատոլուն գոյն պիտի ստանայ եւ պիտի եէննայ։ Յանկարծ երեւան պիտի ելլէ որ Թուրքերը իրենց կողքին հազարաւոր Հայ սրացինեեր ունին եղեր,եւ այս իրողութեան մինչեւ այսօր տեղեակ չեն եղեր՝՝ ըսած է Արամ Աթէշեան Սրբազանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.