2010-09-20 13:31:08

Վերջ Գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Այցելութիւնը Մեծն Պրիտանիա :


Կիրակի 19 սեպտեմբեր 2010-ի յետ միջօրէին, վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Մեծն Պրիտանիա կատարած չորս օրուայ ճամբորդութիւնը։ Հակառակ սկզբնական տարակոյսներուն եւ փոքր խմբակներու կազմակերպած՝ ընդդիմութեան ցոյցերուն, այցելութիւնը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց։

Վերադարձի ճամբորդութեան ընթացքին` վատիկանեան ՜՜Փրօթոգոլի՝՝ համաձայն, Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրներ ուղղեց այն երկրի նախագահներուն որոնց երկինքէն անցաւ թռիչքը։ Առաջինը անշուշտ ուղղուած էր Եղիսաբէթ Բ. Թագուհիին, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը իր գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն վերապահուած՝ ազնիւ ընդունելութեան համար, հայցելով՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը ու նաեւ` մաղթելով որ երկիրը յարատեւէ ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհով։ Երկրորդ հեռագիրը ուղղեց ֆրանսայի նախագահ Նիգոլաս Սարգոզիին` շնորհքի առատութեան եւ խաղաղութեան հաստատումի մաղթանքներով։ Երրորդը Զուիցերիոյ Նախագահ Տիկին Տորիս Լէութարտիին, Զուիցերիոյ ժողովուրդին հայցելով խաղաղութիւն եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը։Իսկ չորրորդը` Իտալիոյ Նախագահ Ճիորճիօ Նափոլէթանոյին, որուն մէջ ակնարկ մը ուղղեց Ճոն Հէնրի Նիւմանի երանացման արարողութեան, մատնանշելով՝ անոր կեցութեանը Իտալիոյ հողերու տարածքին եւ երբեմնի Նախագահ ֆրանչէսքօ Գոսսիկայի՝ Կարտ.Նիւմանին հանդէպ ունեցած բարձր գնահատանքին։





Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրաժեշտի Խօսքը։

Չորս օրուայ այցելութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Պիրմինկամի միջազգային օդակայանը, ուր տեղի ունեցաւ ողջերթի արարողութիւն եւ որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար։

Նախարարապետ Դաւիթ Գամերոն իր ուղերձին մէջ ըսաւ.՜՜ հաւատքը կը կաղապարէ անգլիացիներու հաւատալիքներն ու ապրելակերպը եւ կը դարձնէ զանոնք ճարտարապետները մշակոյթի։ Հաւատքը անբաժան մէկ մասն է Մեծն Պրիտանիոյ՝՝ եւ մէջբերելով Սրբազան Հօր մէկ խօսքը, հաստատեց թէ հաւատքը հարց մը չէ որ օրէնսդիրը պէտք է լուծէ, այլ՝ այս ընկերութեան կենսական տարրերէն մէկն է։ Անգլիոյ նախարարապետը իր խնդակցութիւնը յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի այցելութեան համար. ՜՜ Ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ, քաջալերանք մը հանդիսացաւ համայն երկրին խորհրդածելու՝՝ . միաժամանակ իր խնդակցութիւնը յայտնեց Ս. Աթոռի եւ Անգլիոյ համախոհութեան՝հայող՝ երրորդ աշխարհի բարգաւաճումին համար, աղքատութեան դէմ պայքարին ու բնութեան պաշտպանութեան ի խնդիր։

Նորին Սրբութիւնը իր կարգին ըսաւ. ՜՜Ձեր երկրին բազմազանութիւնը, ինքնին մարտահրաւէր մընէ կառավարութեան ու ժողովուրդին։ Ասիկա առիթ մըն է շարունակելու՝ միջմշակութային ու միջկրօնական երկխօսութիւնը համայն ընկերութեան ի շահ՝՝։ Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց որ իր այս այցելութիւնը սատարեց հաստատելու եւ զօրացնելու գոյացող սերտ կապերը Ս. Աթոռի եւ Անգլիոյ միջեւ։ Նշենք թէ քահանայապետական օդանաւը Հռոմ վարէջք կատարեց գիշերուայ ժամը 10.30ին, ուր անմիջապէս ուղղուեցաւ ՜՜Գասթել Կանտոլֆօ՝՝ քահանայապետական ամարանոցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.