2010-09-20 14:07:03

Վաղը՝ 21 Սեպտեմբեր։


21 Սեպտեմբեր 1991. Հայաստանի վերանկախացման հանրաքուէն
Աշխարհով մէկ՝ քաղաքամայր Երեւանէն ու հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր հայօճախները, հայ մարդը այս օրերուն կը տօնէ ու կը վերյիշէ 1991 թուի Սեպտեմբեր 21ի հանրաքուէն, որ Խորհրդային Հայաստանի քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու հարիւրէն 99 տոկոսի միահամուռ ձայնով՝ Այո՛ պատասխանեց Հայաստանը՝ Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ անկախ հանրապետութիւն հռչակելու Հանրաքուէի միակ հարցումին։
Հայաստանն ու հայութիւնը, Սեպտեմբեր 21ի Մեծ Քայլով, կրցան նուաճել Իրաւական եւ Ժողովրդավարական կայացման ու ինքնահաստատման 19ամեայ ուղի մը՝ յանուն Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան վերականգնումին։Արցախի հարցով հրատապ մթնոլորտի մը մէջ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը տօնակատարէ իր անկախութեան 19րդ տարեդարձը։ Վերջին շրջանին, Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ զինադադարի շարունակական խախտումները, Ատրպէյճանի կողմէ, լարուած կը պահեն մթնոլորտը։ 1988ի Արցախեան պայքարի շղթայազերծումէն մինչեւ 21 Սեպտեմբեր 1991ի հանրաքուէով Հայաստանի Անկախութեան ամրագրումը՝ հայութիւնը իր ամբողջական ներուժով եւ միասնականութեամբ կրցաւ դիմագրաւել օրհասական տարողութեամբ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ։ Յանուն Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգման՝ հազարաւորներու արիւն նուիրաբերեց մեր ժողովուրդը, որպէսզի արժանաւորապէս տէր կանգնի իր իրաւունքներուն եւ գերագոյն շահերուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.