2010-09-20 14:05:11

Ս. Պատարագ Վանի Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ զոր մատոյց ու ապա քարոզեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ Արամ արք Աթեշեան։ Պատարագը տեւեց շուրջ երկու ժամ։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, թրքահայ համայնքի անդամներ եւ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, շարք մը այլ եւրոպական երկիրներէ եւ Միացեալ Նահանգներէն պաշտօնատարներ։

Ըստ Փանորամա լրատուական կայքէջին, ՜՜ պատարագը սկսելէն անմիջապէս ետք հայ լրագրողները եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ չբարձրացնելու թրքական իշխանութեանց քայլին իբրեւ բողոք, փայտէ խաչեր բարձրացուցած են, ինչ որ մեծ իրարանցում յառաջացուցած է Վանի մէջ գտնուող միջազգային լրատուամիջոցներուն մօտ։ Միշտ նոյն կայքէջին համաձայն, ամէն ինչ կը վերահսկուէր Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ։ Սուրբ խաչ եկած էին նաեւ կրօնափոխ հայեր, քիւրտեր, թուրքեր եւ իսլամներ։

Իր քարոզին մէջ, Արամ արք Աթեշեան ՜՜հայերուն եւ թուրքերու միջեւ եղբայրութեան ու հաշտութեան կոչ ուղղեց՝՝ափսոսանք յայտնելով որ Մեսրոպ արք Մութաֆեան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը չկարողացաւ պատարագին մասնակցիլ։

Ըստ ՜՜Ուըրլտպուլեթին՝՝ի, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդը յայտնած է, որ այս եկեղեցին արուեստի արժէքաւոր գործ մըն է, անիկա մշակութային կոթող մըն է, որ ամբողջ մարդկութեան կը պատկանի։ Այս առիթով կուզեմ մեր շնորհակալութիւնը յայտնել Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետութեան ու կառավարութեան՝ (ըսած է Աթեշեան) այս շինութիւնը վերանորոգելնուն եւ պաշտպանելնուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.