2010-09-20 14:05:21

Յիսուսի Վարշամակը Լիբանանի մէջ


Հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին եւ կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն,  Լիբանանի մէջ հաւատացեալները կարելիութիւն պիտի ունենան մերձենալու ՜՜Յիսուսի Վարշամակին՝՝:

Չորեքշաբթի օրը՝ (22 սեպտեմբերին) Պէյրութի հայաշատ թաղամաս՝ Պուրճ Համուտի՝ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, պիտի ցուցադրուի ֆիլմ մը Վարշամակին մասին։

Միշտ 22 սեպտեմբերին, Աւետման Եկեղեցւոյ մէջ (Աշրաֆիէ), ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ ՜՜Վարշամակին կրկնօրինակին եւ զայն Լիբանան բերող իտալական շքախումբին՝՝. իսկ Ուրբաթ օրը՝ մէկ հոկտեմբերին, աղօթք եւ խորհրդածութիւն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, (Տըպպաս հրապարակ)։

Կիրակի, 3 հոկտեմբերին, Վարշամակը պիտի փոխադրուի Զմմառու Տիրամօր վանք։ Այս առիթով պիտի մատուցուի ձայնաւոր սուրբ Պատարագ ժամը 10:30-ին:

Կազմակերպիչ յանձնախումբը սիրով կը հրաւիրէ հաւատացեալները մերձենալու՝ Յիսուսի Վարշամակի կրկնօրինակին, եւ հաղորդուելու՝ Անոր Չարչարանքներու խորհուրդին։







All the contents on this site are copyrighted ©.