2010-09-19 12:29:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը Կալլէսի հաւատացեալներուն


Ուեսթիմնդերի մէջ մատուցած պատարագին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ուզեց ողջոյնի խօսք մը ուղղել Կալլէսի հաւատացեալներուն, իր ցաւը յայտնելով որ պիտի չկարողանայ այցելել զանոնք Մեծն Պրիտանիա կատարած այս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։
Արդարեւ պատարագին աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը Կալլէսի առաջնորդին յանձնեց պատարագի սկիհ մը, որպէս յիշատակ Մեծն Պրիտանիա իր այս այցելութեան առթիւ։ Ապա օրհնեց սուրբ Դաւիթի խճանկարը եւ վառեց Գարտիկանի Աստուածամօր նուիրուած մոմը։
Նորին Սրբութիւնը այս ամէնը կատարեց, որպէս նշան՝ իր հայրական սիրոյն հանդէպ Կալլէսի հաւատացեալներուն։
Սուրբ Դաւիթը` պաշտպան սուրբը Կալլէսի, 6-րդ մեծագոյն սուրբերէն մէկը եղած է եւ կարելի է զինք նկատել հիմնադիրը՝ եւրոպայի քրիստոնէական արմատներուն։ Աղօթքս է, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր ողջոյնի խօսքին մէջ Կալլէսի Բնակչութեան, որ Ս. Դաւիթի պարզ ու հարուստ պատգամը շարունակէ արձագանգել այսօրուան Կալլէսի մէջ, հրապուրելով իր ժողովուրդին սրտերը վերանորոգ սիրոյն հանդէպ Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց Կալլէսի բարեպաշտութիւնն ու սէրը հանդէպ Աստուածամօր, եւ ասիկա յայտնի է քանի որ իրենց հողին անկիւնները մեծ մասամբ նուիրուած են'' Llanfair մարիամի եկեղեցին'' անուանակոչութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը կը վառէ Տիրամօր բռնած մոմը աղօթելով որ Քրիստոսի լոյսը շարունակէ առաջնորդել Կալլէսի ժողովուրդը եւ օրհնէ ազգին կեանքն ու մշակոյթը։







All the contents on this site are copyrighted ©.