2010-09-19 13:02:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Այցելութիւնը Մեծն Պրիթանիա:Այցելութեան չորրորդ օր։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրժբազան Քահանայապետի Մեծն Պրիթանիայ առաքելական չորս օրուայ այցելութիւնը կը հասնի իր աւարտին Կարտինալ Նիւմէնի Երանացման արարողութեամբ։ Կիրակի ժամը 8ին, Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Պապական Նուիրակութեան Կեդրոնէն ուղղաթիռով մեկնեցաւ դեպի Պրիմինկհամ ուրկէ տեղափոխադրուեցաւ Րէտնալի Գոֆդոն Բարք ուր ժամը 10ին նախագահեց Կարտինալ Ճոն Հէնրի Նիւմանի Երանացման Արարողութեան Սուրբ Պատարագը որուն ընթացքին քարոզեց եւ աւարտին Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեարն աղօթքը արտասանեց։ Ժամը 13ին Էտկապսդոնի Սուրբ ֆիլիփփօ Ներիի աղօթատունըը այցելելէ ետք Անգլիոյ Կալլեսի եւ Սգոցիայի ու իրեն ընկեարկցող շքախումբի հետ ճաշի մասնակցեցաւ։ յետ միջորէին Հանդիպում ունեցաւ վերոյիշեալ եպիսկոպոսներու հետ որմէ ետքը փոխադրուեցաւ Պրիմինկհամի միջազգային Օդակայանը եւ Հրաժեշտի արարողութենէն ետք ժամը 18.45ին օդանաւով կը վերադարձայ Հռոմ։







All the contents on this site are copyrighted ©.