2010-09-19 13:14:05

'Հայտ Փառք'ի մէջ Աղօթքի Հսկում


Աղօթքի հսկումը, 'Հայտ Փառք'ին մէջ եղաւ նախապատրաստութիւնը կարտինալ Նիւումանի երանացման ծիսակատարութեան։ Մոռնալու չենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական ճամբորդիութեան գլխաւոր նպատակն է երանացումը կարտինալ Նիւումանի։ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով հազարաւոր հաւատացեալներուն ըսաւ. ուրախութեան այս երեկոյթը պատրաստութիւն մըն է վաղուայ երանացման ծիսակատարութեան։ Անոր ողբերգական կեանքը հրաւէր մըն է հարց տալու մեր կեանքին մասին ու զայն դիտել Աստուծոյ ծրագիրին համաձայն։ Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն ըսելով միմիայն Յիսուս կը ճանչնայ թէ ինչ բան մեզմէ կը պահանջէ։ Բաց եղէք անոր ձայնին որ կ'արձագանգէ ձեր սիրտի խորէն։ Քրիստոս կարիքը ունի ընտանիքներուն որոնք կը յիշեցնեն աշխարհի մարդկային սիրոյ արժանաւորութիւնը եւ գեղեցկութիւնը ընտանեկան կեանքին։ Ան պէտք ունի այրերու ու կիներու որոնք իրենց կեանքը կու տան նոր սերունդին դաստիարակութեամբ։ Պէտք ունի նուիրեալ անձերու օգնութեան հասնելու աղքատին, կարօտեալին։ Պէտք ունին բարի եւ սուրբ քահանաներուն, մարդիկ պատրաստ իրենց կեանքը տալ իրենց յանձնուած հօտին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.