Անարատ Յղացեալ Մայր Մարիայի Երանացման Արարողութիւն։
Այսօր Սպանիոյ Սիվիլիայ Քաղաքի մէջ տեղի կ՝ունենայ երանացման արարողութիւնը՝ Անարատ
Յղացեալ Մայր Մարիային` երբեմնի մեծաւորուհին ՜՜Խաչի Եղբայրութեան քոյրերու՝՝ միաբանութեան։
Երանացման արարողութեան կը նախագահէ Արքեպիսկոպոս Անճելօ Ամաթօ՝ Սուրբերու Դատի Սրբադասման
Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը ։
Երանելի Մայր Մարիան (աւազանի անունով
Մարիա Իզապելլա Սալվադ ի Րոմէրօ) ծնած է Մատրիտ 20 փետրուար 1926-ին։ 1942-ին կը ծանօթանայ
Խաչի Միաբանութեան եւ աւարտելէ ետք համալսարանական ուսումը 1944-ին`
18 տարեկանին`
կ՝անդամակցի սոյն միաբանութեան ։ 1980-ին եւ 1981-ին առիթը կ̓ունենայ հանդիպելու երջանկայիշատակ
Յովհաննէս Պօղոս Բ . Քահանայապետին։ 1983-ին միաբանութեան Մեծաւոր Մայր կ՝ընտրուի եւ
կը վերընտրուի թէ 1989-ին եւ թէ 1995-ին։
Մայր Մարիա իր մահկանացուն կնքեց 31
հոկտեմբեր 1998- ին, մինչ հոգեւոր կրթութեան կը մասնակցէր ։