2010-09-18 12:59:29

«Արմինիըն Ռիվիու»ի Նոր Հատորին Մէջ Քննարկում՝«Հայաստանն Ու Հայերը Միջազգային Դաշնագիրերու Մէջ» Նիւթին Մասին։


«Արմինիըն Ռիվիու»ի 2010-ի գարուն-ամառ հատորին մէջ, լոյս տեսած է «Հայաստանն ու հայերը միջազգային դաշնագիրերու մէջ» խորագիրով քննարկում մը որուն մէջ կը քննէ դարերու ընթացքին հայկական դիւանագիտութեան պատմութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը։ Հատորին մէջ ընդգրկուած ինը յօդուածները, որոնք ներկայացուած էին Միշիկընի Ան Արպըր համալսարանի անցեալ տարուան մարտ ամսուան գիտաժողովին ընթացքին, կ՚ուսումնասիրեն այն բոլոր դաշնագիրերը, ուր հայեր ընդգրկուած եւ մաս կազմած են՝ Յ. Ք. չորրորդ դարէն մինչեւ արդի Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Հատորը բաղկացած է 264 էջերէ, եւ կ՚ընդգրկէ նաեւ քանի մը գրախօսականներ։ «Արմինիըն Ռիվիու»ի յաջորդ հատորը լոյս պիտի տեսնէ 2010-ի ձմրան։ Հատորներու հրատարակութեանց կողքին, պարբերաթերթը նաեւ կը համակազմակերպէ ակադեմական գիտաժողով մը, այս տարուան դեկտեմբերին, հարաւային Քալիֆորնիոյ մեծագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ՝ քննարկելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120-ամեայ գործունէութիւնը. սոյն գիտաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն ակադեմականներ ու մտաւորականներ։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.