2010-09-17 13:35:40

Անգլիոյ Թագուհիին Բարի Գալուստի Ուղերձը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։


Եղիսաբէթ Բ. Մեծն Պրիտանիոյ թագուհին բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ըսաւ.

Նորին Սրբութիւն, ընդունիլ Ձեզ մեր հողին վրայ, ուրախութեամբ կը լիացնէ զիս։ Հաճոյքով կը յիշեմ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին այցելութիւնը մեզ մօտ 1982ին։ Նաեւ թարմ են իմ յիշողութեանս մէջ Վատիկան կատարած իմ չորս այցելութիւնները ձեր նախորդներուն հետ։ Այս երկրին մէջ մեծապէս կը գնահատենք Ս. Աթոռին յանձնառումը Հիւիսային Իրլանտայի կացութեան բարելաւման։ Ս. Աթոռը կը շարունակէ մեծ դեր ունենալ միջազգային գետնի վրայ, հայող՝ խաղաղութեան, բարգաւաճման, աղքատութեան ու բնապահպանումին։

Նորին Սրբութիւն, ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ , մեզի կը յիշեցնէ, մեր բոլորին հասարակաց ժառանգութիւնը, քրիստոնէութեան սատարը աշխարհի խաղաղութեան եւ թերաճ երկիրներու ընկերային ու տնտեսական զարգացումին։ Ձեր եւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եզակի սատարը՝ ընկերութեան ընչազուրկերուն ու անպաշտպաններուն, եւ հոգատարութիւնը՝ հանդէպ անօճախներուն եւ ընծայած դաստիարակութիւնը՝ աշխարհի դպրոցներու ցանցին միջոցաւ։

Կրօնը միշտ եղած է քառաթեւ տարր մը ազգային ինքութեան ու պատմական ինքնագիտակցութեան եւ ասիկա պատճառ եղաւ կամուրջներ հաստատելու ազգերու միջեւ։ Հետեւաբար կենսական կարեւութիւն ունի քաջալերել փոխադարձ ու յարգալիր հասկացողութիւնը։ Փորձառութեամբ գիտենք թէ յանձնառու երկխօսութեան միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ նուաճել անցեալի վախերը ու հաստատել փոխադարձ վստահութիւն։

Ապա Թագուհին անդրադառնալով կարտինալ Նիւմանի ըսաւ. ՜՜Գիտեմ թէ հաշտութեան գաղափարը ,կեդրոնը հանդիսացաւ կարտինալ Ճոն Հենրի Նիւմանին, որուն համար, Ձերդ Սրբութիւնը, կիրակի օրը պատարագին ընթացքին խորաններու պատւոյն պիտի բարձրացնէք։ Ան պայքարեցաւ տարակոյսի եւ անստուգութեան դէմ եւ անոր սատարը՝ ՜՜քրիստոնեաներու միջեւ հասկացողութեան՝՝ կը շարունակէ ազդեցութիւն բանեցնել շատ մը անհատներու վրայ։ Նոյնպէս ուրախ եմ, որ ձեր այս այցելութիւնը բարեպատեհ առիթ մը պիտի հանդիսանայ խորացնելու կապը Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու Անգլիական եւ Սկովտիական եկեղեցիներու միջեւ։

Սրբութիւն, վերջին ժամանակներուն հաստատած էք թէ կրօնները չեն կրնար ըլլալ առիթը՝ ատելութեան եւ թէ բռնութիւնը եւ չարը՝ կարելի չէ արդարացնել յանուն Աստուծոյ։ Մենք ալ, այսօր ձեզի հետ միացած ենք ու համախոհ։ Պաշտամունքի ազատութիւնը կեդրոնական կորիզը կը հանդիսանայ մեր զիջող ու հանրավար ընկերութեան՝՝։

Հուսկ՝ Թագուհին իր բարի գալուստի ուղերձը եզրփակեց ըսելով. ՜՜Յանուն Մեծն Պրիտանիոյ ժողովուրդին, Ձեզի կը մաղթեմ որ Ձեր այս այցելութիւնը կարելի եղածին չափ, բեղուն եւ յիշատակելի ըլլայ։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.