2010-09-16 13:26:27

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան՝ Ընտանիքի Թեմական Յանձնախումբը։


Ուրբաթ, 3 սեպտեմբեր 2010-ին՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ.Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը, անուանեց Տէր Ռաֆֆի Քհնյ. Յովհաննէսեանը Հոգեւոր Վարիչ Ընտանիքի Թեմական Յանձնախումբին, յաջորդելու համար Տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի,( ըստ դիւ. թիւ 219/10)։

Ինչպէս նաեւ Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը անուանեց Փիէռ եւ Մարի Հալլաճեանները անդամներ Ընտանիքի Եպիսկոպոսական Յանձնախումբին մէջ, (ըստ դիւ. թիւ 217/2010)։



Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Աջակցութիւնը՝ Թորոնթոյի Հ. Կ. Եկեղեցւոյ Կայքէջի Անձնակազմին։

Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «armeniancatholicchurch.com» կայքէջը վերջերս ենթարկուեցաւ ազերիական հաքերներու յարձակումին։

Հետեւաբար, հայ կաթողիկէ պատրիարքական կայքէջի տնօրէնութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կայքէջի անձնակազմին, նման փորձերու դէմ կանգնելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.