2010-09-16 13:26:55

Աղթամար Ելեկտրոնային Երկշաբաթաթերթը Հասաւ Իր 100-րդ Թիւին:


Հինգ տարի առաջ՝ 15 Դեկտեմբեր 2005-ին սկիզբ առած՝ Akhtamar on line ՜՜Աղթամար՝՝ ելեկտրոնային երկշաբաթաթերթը հասաւ իր 100-րդ թիւի լոյս ընծայման։ 100 թիւ, աւելցնենք անոնց վրայ արտակարգ եւ յատուկ թիւերը եւ այս ամէնը ամփոփուած չորս ալպոմ-հաւաքատետրերու մէջ։

Պարբերաթերթին խմբագրականին մէջ կը կարդանք

՜՜Հասնիլ 100-րդ թիւին մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ մեզի, քանի որ կրցանք այս թիւերուն միջոցաւ արտայայտել մեր կարծիքը, լսելի ընել մեր ձայնը, հաղորդակցութեան մէջ մտնել մեր հայրենակիցներուն հետ եւ տեղեկութիւններ տալ մեր մասին՝ հայոց մասին, հայ պատմութեան ու մշակոյթի մասին, Հայաստանի անցուդարձերուն մասին նաեւ բերինք մեր սատարը հայ դատին գնահատանքի, քաջալերանքի ու շնորհաւորական մեր յօդուածներով եւ համագործակցութեամբ։

Մեր խորին շնորհակալութիւնը բոլոր անոնց որոնք հաւատարմօրէն եւ հետեւողականօրէն կը կարդան ՜՜Աղթամարը՝՝ որ հինգ տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ։

Շնորհակալութիւն գործակիցներուն, գնահատական գիրերով քաջալեր հանդիսացողներուն ու նաեւ՝ այսպէս կոչուած՝ մեր ՜՜թշնամիներուն՝՝ որոնք (մենք քաջ գիտենք որ) մեծ ուշադրութեամբ կը կարդան մեր պարբերականը։

Հինգ տարի առաջ ծնունդ առած Աղթամարը հետըզհետէ աճեցաւ մեծցաւ։

Աճեցաւ նաեւ անոր կապուած ծրագիրը...

Հիմա որ յիշատակներու Ալպոմը դիւանի ն մէջ զետեղուեցաւ ու մարեցինք հինգերորդ տարեդարձի մոմը, կ՝ուզենք դէպի յառաջ նայիլ բարելաւելու մեր գործը, եւ մեր ընթերցողները աւելի մօտեցնելու՜՜Աղթամար՝՝ին ։

Եւ անոնք որոնց ՜՜աչքէն վրիպած է՝՝ մեր նախորդ հարիւր թիւերը, կարդալով երկրորդ էջը, կը ծանօթանան շօշափուած կարեւոր նիւթերուն, որոնց մանրամասնութիւնները կը գտնուին կամ Ալպոմին մէջ եւ կամ նախորդ թիւերուն մէջ որոնց կարելի է հասնիլ այցելելով Հռոմահայերու կայքէջը- www.comunitaarmena.it եւ ապա AKHTAMAR on line հուսկ փափաքած յօդուածը...










All the contents on this site are copyrighted ©.