2010-09-15 14:45:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճամբորդութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճամբորդութիւնը Որակուած Է Որպէս Մեծն Պրիտանիա Կատարուած Քահանայապետին ՜՜Առաջին Պետական Պաշտօնական Այցելութիւն ՝՝։
Նորին Սրբութեան, յառաջիկայ 16-19 սեպտեմբերի նախատեսուած՝ Մեծն Պրիտանիա առաքելական ճամբորդութիւնը, Մեծն Պրիտանիոյ Իշխանութիւններու կողմէ որակուած է ՜՜ Քահանայապետի մը առաջին Պետական Պաշտօնական այցելութիւն՝՝ ։Նշենք թէ Եղիսափէթ Թագուհին հանդիպում ունեցած է չորս Քահանայապետներու հետ։ Իսկ 1903 էն մինչեւ այսօր 4 գերիշխաններ այցելած են Վատիկանը։

Իր հօր Գէորգ Զ. ի յանկարծական մահէն ետք՝ 1952 ին` 26 ամեայ Եղիսաբէթ Բ. թագուհին իշխանութեան գլուխը կ̓անցնի։ Թէեւ թագադրութեան արարողութիւնը տեղի կ̓ունենայ 2 յունիս 1953ին։ Ան մինչեւ այսօր հանդիպած է երեք Քահանայապետներու՝ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ, Յովհաննէս ԻԳ, եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին։ Յառաջիկայ 16 սեպտեմբերին, Էտինպուրկի մէջ Եղիսափէթ Թագուհին պիտի հանդիպի նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ ի, որ այս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին հիւրը կը հանդիսանայ Անգլիոյ Թագուհիին եւ Անգլիոյ Կառավարութեան ։ Սոյն հանդիպումը պատմական հանգամանք ունեցող հանդիպում նկատուած է։ Նախորդ Հանդիպումները տեղի ունեցած էին Վատիկանի մէջ։ Առաջին անգամ որ Եղիսափէթ Բ հանդիպեցաւ Պիոս ԺԲ.ին, 1953ին էր, իր Թագադրութեան նախօրեակին։ Այս Հանդիպումին մասին խօսեցաւ նաեւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետը, երբ 8 տարի ետք 5 մայիս 1961ին Թագուհին կատարեց Պաշտօնական Պետական Այցելութիւն մը Վատիկան, երբ Եղիսափէթ Բ. 35 տարեկան էր։ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետը մեծ ընդունելութիւն ըրաւ Երիտասարդ Թագուհիին եւ իր ճառին մէջ նշեց ՜՜ Հռոմի Եկեղեցւոյ Եւ անգլիոյ Թագաւորութեան միջեւ պատահած պատմական հանդիպումները՝՝. Առաջինը պատահած է 1903ին ՜՜երեք ու կէս դարեր ետք՝՝ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը` երբ Եդուարդ Ը. այցելեց Վատիկանը հանդիպելու Լեւոն ԺԳ.ին։ Քսան տարի ետք 1923ին Եղիսափեթ Թագուհիին Մեծ Հայրը Գէորգ Ե. հանդիպեցաւ Պիոս ԺԱ.ին Վատիկանի մէջ։
1914-ին Վատիկանի եւ Մեծն Պրիթանիոյ միջեւ հաստատուեցան ՜՜դիւանագիտական կապեր՝՝։
17 հոկտեմբեր 1979 ին, Եղիսափէթ Բ. իր ամուսնոյն Փիլիպպոս Իշխանին հետ ընդունուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ։ Իսկ 1982ի մայիս 28 էն յունիս 2 Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի Մեծն Պրիտանիա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպում ունեցաւ Եղիսափէթ Բ. ի հետ, Լոնտոնի Արքայական Պալատին մէջ։ 17 հոկտեմբեր 2000ին եւս առանձնական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, այս անգամ, Վատիկանի մէջ, Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետի ու Եղիսաբէթ Բ.ի միջեւ, երբ այս վերջինը Պետական այցելութեամբ ժամանած էր Իտալիա հանդիպելու Նախագահ Գարլօ Ազելիօ Չամբիի հետ։
Մօտ օրէն Պենետիկտոս ԺԶ պիտի հանդիսանայ առաջին քահանայապետը որ առաքելական բայց նաեւ Պետական բնոյթ ունեցող՝ այցելութիւն պիտի կատարէ Մեծն Պրիթանիա։ Հոլի Րուտ Հաուսի Արքայական Պալատին մէջ 16 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք հանդիպումն ալ, պիտի որակուի ՜՜պատմական՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.