2010-09-15 14:45:37

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Չորեքշաբթի 15 Սեպտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։

Սրբազան Հայրը, այս առաւօտ ժամը 10-ին Գասդել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցէն, ուղղաթիռով մեկնեցաւ Վատիկան, ուր ժամը 10.30 Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Հանդիպումէն ետք ժամը 12.00 Նորին Սրբութիւնը դարձեալ ուղղաթիռով վերադարձաւ Գասդել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամարանոցը։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, իր այսօրուան խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ ՜՜Ասսիզիի Սրբուհի Պայծառին՝՝ որ 18 տարեկանին միացաւ Սուրբ ֆրանչիսկոսին որ իրեն համար եղաւ դաստիարակ ու բարեկամ։ Իրենց բարեկամութիւնը եղաւ նաեւ միջոցը միասին քալելու դէպի սրբութիւն։ Երկու սուրբերը իրենց կեանքի ընթացքը հիմնեցին աւետարանի խօսքի վրայ։
Սրբուհի Կատարինէն 40 տարուայ ընթացքին ապրեցաւ հեզութեամբ ուրախութեամբ եւ աղքատութեան մէջ, վստահելով Աստուծոյ նախախնամութեան։

Սրբուհի Կատարինէն հանդիսացաւ առաջին Կինը որ ՜՜կանոնագիր՝՝ մը գրեց, որը Քահանայապետական վաւերացում ստացաւ։ Այսպէսով Սրբուհի Կատարինէ մեծ դեր մը ունեցաւ Եկեղեցւոյ վերանորոգման պատմութեան մէջ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան քահանայապետը. սուրբերը եւ սրբուհիները մարդկութեան բարերարներ են։Անոնց միջոցաւ է որ աշխարհը կը նորոգուի Աւետարանի ՜՜Սիրոյ՝՝ հիման վրայ։ Մենք ալ կարենանք իրենց նման ըմբռնել Քրիստոսի ՜՜աղքատութեան երանութիւնը, սուրբ հեզութիւնը եւ անգնահատելի գթութիւնը՝՝։

Խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, Տիրոջմէն հայցելով՝ որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշելով՝ Տիրամօր չարչարանքը Յիսուսի Խաչին տակ։
Սիրելի երիտասարդներ (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) մի վախնաք դուք ալ կանգնելու Մարիամի նման Յիսուսի խաչին տակ։ Աստուած ձեզի պիտի պարգեւէ քաջութիւնը դիմագրաւելու առօրեայ դժուարութիւնները։Դուք ալ սիրելի Հիւանդներ Մարիամի մէջ փնտռեցէք նեցուկը հասկնալու մեր Տիրոջ փրկրագործ պատգամը։Եւ դուք նորապսակեալներ դժուարութիւններու ընթացքին յոյսով դիմեցէք Տիրամօր որպէսզի օգնէ ձեզի իր մայրական բարեխօսութեամբ։

Հուսկ՝ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.