2010-09-15 14:46:28

Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի 2010-2011 Ուսումնական Տարուայ Բացման Արարողութիւնը


Սեպտեմբեր 14-ին տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի (Աստուածաբանական համալսարան) 2010-2011 ուսումնական տարուայ բացման արարողութիւնը, մասնակցութեամբ՝ Մայր Աթոռի միաբաններուն, Ճեմարանի դասախօսական կազմին եւ սաներուն։

Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսչութեան անունով բացման խօսքըարտասանեց փոխտեսուչը՝ Տիգրան աբեղայ Պետրոսեան։ Շնորհաւորելով՝ սաները նոր ուսումնական տարուայ առիթով՝ Հայր Սուրբը ըսաւ որ՝ տեսչութիւնը կը հաւատայ որ այս տարին պիտի ըլլայ ձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններու տարի։

Ապա, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անունով օրհնութեան խօսք ուղղեց Ոսկան արք. Գալփաքեան ըսելով. ՜՜Ստեղծեցէք ձեզ համար արժէքներ այնպէս, ինչպէս Քրիստոս է պատուիրում, արժէքներ, որոնք մնայուն են ձեր անձի համար, մեր Եկեղեցու եւ մեր ժողովրդի համար։ Ձեր կեանքի յաջողութիւնը, ձեր կեանքի երջանկութիւնը տեսէք մեր Եկեղեցու առաջադիմութեան մէջ նրանով ապրէք, նրանով յուզուէք եւ նրանով երջանկացէք՝՝։

Ի դէպ, այս տարի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը ընդունուած են 14 սաներ։ Ուսանողութեան ընդհանուր թիւը 128-ն՝ է։ Ճեմարանին մէջ կը դասաւանդեն 22 եկեղեցական եւ 28 աշխարհական դասախօսներ։

Իսկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սեւանի՝ Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցի 2010-2011 ուսումնական տարուայ բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 12-ին, Սեւանի դպրեվանքին մէջ։ Այս տարի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցի ուսանողութեան թիւը հասած է 66-ի։



Զալցբուրի Արքեպիկոպոս Տոքթ. Ալոյս Քոթասէր եւ Փրօ-Օրիան Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

12 Սեպտեմբերին՝ Խաչվերացի տօնին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վանական խորհուրդի նախագահ Փառէն եպ. Աւետիքեան յանուն Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ընդունեց Հռոմէակաթողիկէ Եկեղեցւոյ Զալցբուրի արքեպիսկոպոսը Տոքթ. Ալոյս Քոթասէր եւ Փրօ-Օրիան կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, ուղեկցութեամբ՝ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու՝ Յովակիմ եպ. Մանուկեանի։

Փառէն Սրբազանը իր խօսքին մէջ յայտնելէ ետք որ Վեհափառը այս օրերուն հովուապետական այցով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի, անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի միջեւ առկայ սերտ եղբայրական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տասնամեակներու համաործակցութեան Փրօ-Օրիան շրջանակներու մէջ։

Իր կարգին Զալցբուրի արքեպիսկոպոսը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ջերմ ու բարեկամական ընդունելութեան համար, ապա անդրադարձաւ Փրօ-Օրիան կազմակերպութեան գործունէութեան՝ ի մասնաւորի վերյիշելով կազմակերպութեան ղեկավարութեան բազում հանդիպումները Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներու գահակալներու հետ։ Իսկ Ալոյս Քոթասէր արքեպիսկոպոսը շեշտեց, որ նոյն ջերմ ու եղբայրակայն յարաբերութիւնները կը շարունակուին նաեւ այսօր, ի դէմս Մեսրոպ արք. Գրիգորեանի։

Զալցբուրի արքեպիսկոպոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Աւստրիոյ քաղաքական, հասարակական բազում գործիչներ, ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ս.Պատարագին։







All the contents on this site are copyrighted ©.