2010-09-14 14:12:00

Սֆէյր Պատրիարքի Խօսքը Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեայ Համայնքին մասին։


Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան նկատել տուաւ, որ ամերիկացի վեր. Թերի Ճոնզի կողմէ Քուրանը հրկիզելու հրահանգը կրնայ իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնքները իրարու դէմ լարել եւ պատճառել արիւնալի դէպքեր, զորս ոչ ոք կը փափաքի։ Ըստ ՜՜Տիար՝՝ օրաթերթին,, Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը նախորդ քանի մը օրերուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է քրիստոնեայ ղեկավարութիւններու հետ եւ անոնց հետ քննարկած է շրջանային եւ տեղական իրադարձութիւնները։ Նոյն տեղեկութիւնները նկատել կու տան , որ Սֆէյր պատրիարքը այս օրերուս լուրջ մտահոգութիւն կ՚ապրի Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին գոյութեան առնչութեամբ եւ ան իր մտահոգութիւնը փոխանցած է , երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, որ համաձայն գտնուած է Սֆէյր պատրիարքին հետ՝ քրիստոնեաները միասնականացնելու առումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.