2010-09-14 14:14:36

Խաչվերացի Տօնին Առթիւ Հայածէս Ձայնաւոր Ս. Պատարագ Հռոմի մէջ։


Կիրակի 12 սեպտեմբեր 2010, Խաչվերացի տօնին առիթով, Հռոմի Սուրբ նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ, հայածէս Ձայնաւոր Ս. Պատարագ զոր մատոյց եւ քարոզեց գերապատիւ Հ. Թովմաս վրդ. Կարապետեան, փոխ տեսուչը Լեւոնեան վարժարանին։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Շահասպրամի՝ (Ռեհանի) օրհնութիւնը որ եւ բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն։
Իր քարոզին մէջ Հայր Թովմաս բացատրեց Խաչվերացի տօնին նշանակութիւնը եւ ինչու այս առթիւ կը կատարուի Ռեհանի օրհնելու սովորութիւնը։

Խաչվերացի Տօնը՝ Պէյրութի մէջ։
Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 12 սեպտեմբերին Խաչվերացի տօնին առիթով Ս. պատարագ՝ մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի։ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ անդաստանի արարողութիւն։
Սուրիա- Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հ.Կ.Մ.-ի Քեսապի ՜՜Լեռ՝՝ մասնաճիւղի տարեկան 8-րդ բանակումը տեղի ունեցաւ, որ սկիզբ առաւ 31-ին, Էսքիւրան գիւղի ՜՜Տիրամայր Նահատակաց՝՝ Հայոց վանքին մէջ։ 43 Հ.Կ.Մ.-ական ջահակիրներ եւ պատանիներ եզակի եւ իւրայատուկ շաբաթ մը անցուցին ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Այս տարուայ բանակումը նուիրուած էր Պատմական Հայաստանին եւ քաղաքներուն, որոնք յատկանշեցին ընդհանուր յայտագիրը, ինչպէս նաեւ հինգ վաշտերը կոչուեցան՝ Կարս, Դուին, Վան, Սասուն եւ Արարատ։
Բանակող ջահակիրներն ու պատանիները մարզական, մշակութային եւ ձեռային զանազան ձեռնարկներ կազմակերպեցին, հոգեւոր եւ ազգային դասախօսութիւններ ստացան, ինչպէս նաեւ աղօթքներ կատարեցին՝ սուրբ վարդարան եւ սուրբ Պատարագ։
Բանակումին աւարտին տեղի ունեցաւ խարոյկահանդէսը, ներկայութեամբ՝ հոգեւոր վարիչ՝ հայր Գարեգին Քէօշկէրեանի, ժողովրդապետական յանձնախումբի, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ծնողներու եւ Հ.Կ.Մ.-ականներու։ Յայտագիրը ընդգրկեց դրօշակի արարողութիւն, քայլերգներու հնչում, միութեան բացման խօսք եւ գեղարուեստական ելոյթ մը։ Փակման խօսքին մէջ, հայր Գարեգին Քէօշկէրեան անդրադարձաւ բանակումի թեմային մասին (Պատմական Հայաստան), նշելով որ ՜՜կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք մեր գրաւեալ քաղաքներուն անունները որպէսզի շարունակենք պահանջատէր մնալ մինչեւ մեր իրաւունքներուն եւ հողերուն վերադարձը՝՝։ Ան յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնեց ներկայ ու նախորդ հրամանատարներուն, խորհուրդի անդամներուն եւ ծնողներուն։ Խարոյկը վառելու աւանդութեան յաջորդեց Տէրունական աղօթքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.