Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիուլէ յայտարարած է, որ
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան չափանիշերու
բաւարարման ուղղութեամբ քայլ մըն է։ Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցերով
զեկուցաբեր Ռիա Օյմեն-Ռոյթեն իր կարգին յայտարարած է, որ հանրաքուէին միջոցով թուրք ժողովուրդը
ցոյց տուաւ, որ ինք աւելի ժողովրդավար Թուրքիա մը կուզէ ունենալ։