2010-09-14 14:08:35

Երանելի Հռչակուեցաւ ֆրանչիսքեան Եղբայր Լեոփոլտօ-ն։


Կիրակի օրը` Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ, մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ երանացման արարողութիւնը ֆրանչիսքեան եղբայր Լեոփոլտօյի, որ 1956ին վախճանեցաւ անտալուզեան քաղաքին մէջ, 92 տարեկանին ։ Երանացման արարողութիւնը գլխաւորեց գերապայծառ Անճելօ Ամադօ կառավարիչը սուրբերու դատին։ Ան իր արտասանած քարոզին մէջ նոր երանելին ներկայացուց որպէս օրինակը եղբայրօգնութեան, խոնարհութեան ու Մարեմեան բարեպաշտութեան։ Բոլոր զինք ճանչցողները իր մասին այսպէս կ՝արտայայտուէին.՜՜Ոսկիէ սիրտ ունեցող կրօնաւորը՝՝։ Զինք ճանչցողները կը մօտենային իրեն, իր բարի խորհուրդները լսելու համար, եւ շնորհիւ իր խոնարհութեան ու բարութեան դարձի բերած էր բազմաթիւ հայհոյողներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.