2010-09-14 14:04:11

2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ. ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՝՝ՄԻԱՏԵՂ ԱՂՕԹՔԻ ՊԱՀեՐ՝՝.


Ինչպէս ծանօթ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին կողմէ 2010-ը հռչակուեցաւ Հայ Կնոջ տարի, այս առիթով, հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Հայ կնոջ տարուան առիթով կեանքի կոչուած յանձնախումբին, համայնքին մէջ կազմակերպուած բազմաթիւ ձեռնարկներու ծիրին մէջ, անցեալ Օգոստոս ամսոյն, Թեհրանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՝՝Միատեղ Աղօթքի Պահեր՝՝ արարողութիւնը՝ համագործակցութեամբ նոյն եկեղեցւոյ խորհուրդին:
՝՝Աղօթքով զօրացնենք մեր ազգին հաւատքը՝՝ ընդհանուր խորագիրը կրող ծրագիրին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արաքս Բեգիջանեան, որ խօսեցաւ ծրագիրի կազմակերպման նպատակներուն մասին: Եկեղեցական շարականները մեկնաբանուեցան եկեղեցւոյ երգչախումբին կողմէ։
Ձեռնարկին իր հայրական խօսքը ուղղեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան՝ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին: Ան նաեւ խօսեցաւ Հայ եկեղեցւոյ պահպանման, ազգապահպանման եւ հայրենասիրութեան ծիրին մէջ հայ կնոջ ցուցաբերած դերակատարութեան մասին՝ շեշտելով, որ հայ կինը ոչ միայն հաւատքի պահպանման տեսակէտէն ճակատագրական դեր ունեցած է, այլ նաեւ՝ շինարարական, բարեգործութեան, քաղաքականութեան եւ յեղափոխական կեանքին մէջ: Սրբազանը հաստատեց, որ 19-րդ դարու կէսերէն մինչեւ 20-րդ դարասկիզբը հայ կինը մեր ազատագրական պայքարի ռահվիրաներէն եղած է եւ միշտ իր ամուսնոյն, եղբօր եւ հարազատներուն ներշնչած է երթալ պատերազմի դաշտ, որպէսզի բարձր պահէ հայ ընտանիքին արժանապատուութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.