2010-09-13 13:04:40

Փարիզի Առաջնորդ Կարտինալը Վաւերաթուղթ Մը Հրապարակած Է ''Ընտանիքը ֆրանսական Ընկերութեան Մէջ` Ընտանիքը Եւ Նոր Սերունդը, Յոյս Մըն Է'' Վերտառութեամբ։


Դպրոցական վերամուտին առթիւ, Փարիզի առաջնորդը` կարտինալ Վէանթրուա վաւերաթուղթ մը հրապարակած է ընտանիքի մասին, ''Ընտանիքը ու նոր սերունդը` ընկերութեան յոյսն են'' նիւթի մասին։
Փարիզի առաջնորդը այդ վաւերաթուղթով կը հրաւիրէ հաւատացեալները եւ բարի կամք ունեցողները, ոչ միայն խորհրդածելու՝ այլ եւ կիրարկելու բոլոր այն դրական նախաձեռնութիւնները, որոնք կը հային ընտանիքի ու նոր սերունդի բարիքին։ Ան դիտել կու տայ թէ՝ արեւմուտքի ընկերութիւնը, կը նկարէ ընտանիքն ու երիտասարդութիւնը աւելի որպէս բեր մը քան յոյսի առարկայ։ Հետեւաբար ան կը հրաւիրէ հաւատացեալները որ յոյսով ու վստահութեամբ դիտեն ընտանիքին ու նոր սերունդին ապագան, եւ ըլլան յոյսի վկաները ժամանակակից ընկերութեան, ցոյց տալով՝ որ ամուսնական սէրը, ծնողական պատասխանատուութիւնը, ընտանեկան փորձառութիւնը, զաւակներու աճումը ու դաստիարակութիւնը, ազդակներ են երջանկութեան եւ ուրախութեան։ Յայտնենք թէ 24 էջնոց վաւերաթուղթը 115 հազար օրինակով տպագրուած է եւ բաժնուած ժողովրդապետութիւններու ու կաթողիկէ կրթական հաստատութիւններու միջոցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.