2010-09-13 13:04:11

՜՜Դէպի Մեծն Պրիտանիա՝՝ Վատիկանի Ռատիոկայանի Ձայնասփիւրի Տնօրէն Հայր ֆետերիգո Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
 


Հինգշաբթի 16 սեպտեմբեր 2010-ին, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը պիտի մեկնի Էտինպուրկ, ուրկէ պիտի սկսի Մեծն Պրիտանիոյ շահագրգռութեամբ սպասուած, առաքելական ճամբորդութիւնը, եւ ուր պիտի ընդունուի Անգլիոյ Եղիսաբէթ Թագուհիի կողմէ։
Անցեալ չորեքշաբթի, Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, իրեն ուղղուած այս հրաւէրին համար, որով քաջ տեղեակ է յանձնառութեան, ուշադրութեան եւ ակնկալութիւններուն, որոնք կը սպասուին ոչ միայն Եղիսաբէթ Թագուհիի եւ Անգլիոյ կառավարութեան կողմէ, այլ նաեւ՝ Անկլիգան առաջնորդի՝ Գէնթէրպուրի արքեպիսկոպոսի կողմէ, եւ բնականօրէն ամբողջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ՝ Անգլիոյ, Կալլէսի եւ Սքոցիայի, որոնք կր պատրաստուին քահանայապետը ընդունելու։
Մեծն Պրիտանիոյ ընկերութեան մէջ ալ հետաքրքրութիւնը հետզհետէ աւելցաւ, փոքրահաւաք ցոյցերու եւ հակադրութիւններու հանդերձ` որոնք տեղի ունեցան սակայն կը մնան լուսանցքային երեւոյթ։
Յիրաւի՝ տարածուած է այն ըմբռնումը թէ Սրբազան Պապին Հոգեւոր եւ Բարոյական Բարձր Հեղինակութիւնը կրնայ մեծապէս նպաստել դիմագրաւելու այս օրուան մարտահրաւէրը, ցոյց տալով՝ ուղղութիւններ։
Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետի նախատեսուած հանդիպումը ՜՜Վեսմինսդէր Հոլի՝՝ պատմական պալատին մէջ, տեղական կարեւորագոյն հիմնարկութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, կը հանդիսանայ այս ճամբորդութեան գագաթնակէտերէն մին։Իսկ Կարտինալ Նիւմանի Երանացման արարողութիւնով է որ ճամբորդութիւնը կը հասնի իր կարեւորագոյն նպատակակէտին։ Սրբազան Քահանայապետը անգլիացի այս սրբակեաց եկեղեցականը կ̓որակէ ՜՜իրապէս մեծ՝՝, հարուստ ՜՜շնորհալի իմաստութեամբ՝՝ եւ ՜՜տիպար համալրում սրբակեաց կեանքի՝՝ եւ որ իր գրութիւններով եւ գործունէութեամբ ներշնչած է եկեղեցին ու քաղաքացիական ընկերութիւնը եւ մարմնացուցած քրիստոնեայ հաւատքի եւ անգլիական հոգիի միջեւ համադրութիւնը ու անոր աճումը այսօրուայ եւ վաղուայ աշխարհին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.