2010-09-13 13:04:29

՜՜ Քահանայապետին Դերը՝՝ Միակ Բանը Որ Կը Բաժնէ Երկու Եկեղեցիները


Դաշնակցային Ռուսիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսական Դասին Բաղձանքը Օրթոտոքս Հզօր Եկեղեցի Մը։
Ռուսիոյ կաթողիկէ համայնքը փոքրամասնութիւն մըն է եւ պէտք է համագործակցիլ օրթոտոքսներու հետ, միայն այսպէսով կարող է լաւագոյն կերպով բարգաւաճիլ ու զարգանալ, յայտարարած է հայր Իկոր Քովալչէք ընդհանուր քարտուղարը Դաշնակցային Ռուսիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսական դասին, ընդգծելով որ ՜՜ մեզ կը հետաքրքրէ որ օրթոտոքս եկեղեցին ըլլայ հզօր՝՝։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ Հայր Իկոր մատնանշած է ՜՜երկու եկեղեցիները գրեթէ միեւնոյն ուսուցումը ունին բազմաթիւ հարցերու մէջ, մասնաւորապէս այն ինչ կը հայի ընկերութեան արժէքներուն ու հոգեւոր կեանքի եւ դաստիարակութեան՝՝։ ՜՜Երկու եկեղեցիները, ըսած է Հայր Քովալչէք, կը գտնուին միեւնոյն մարտահրաւէրին առջեւ` արդի աշխարհականացումը ու Եւրոպայի վերաւետարանութիւնը։ Միակ բանը որ կը բաժնէ երկու եկեղեցիները, Քահանայապետին դերն է՝՝, յայտնած է ան։







All the contents on this site are copyrighted ©.