2010-09-13 13:35:59

10 Սեպտեմբեր 1920-ին՝Փեթարայ Մանուկի նահատակութիւնը.
(Կողբի բախտորոշ կռուին )


Սեպտեմբեր 10ին, լրացաւ 90-ամեակը հայ ազատագրական շարժման անմոռանալի դէմքերէն Փեթարայ կամ Սասունցի Մանուկի նահատակութեան։

1920 թուականի Սեպտեմբերը ծանր ու դաժան ամիս մը եղաւ հայ ժողովուրդին եւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Հայաստանի անկախութիւնը եւ ընդլայնուած տարածքը միջազգային ճանաչումով ու իրաւականօրէն ամրագրող Սեւրի Դաշնագրին ստորագրութենէն քանի մը շաբաթ ետք, ՝՝ԼենինՔեմալ՝՝ գաղտնի, զինակցութիւնը իր ամբողջ մերկութեամբ ու կատաղութեամբ շարժման մէջ դրուեցաւ։

Հայաստանի հիւսիսէն եւ արեւելքէն Կարմիր Բանակը սաստկացուց իր ճնշումը, իսկ հարաւէն ու արեւմուտքէն քեմալական զօրքը(առանց պատերազմի յայտարարութեան) ներխուժեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը։

Արարատեան Դաշտի հարաւարեւմտեան դարպասը համարուող եւ Սուրմալու նահանգի ՝՝աղահանքով ու քարածուխով՝՝ հարուստ Կողբ աւանը դաձաւ գլխաւոր ռազմադաշտը թրքական ներխուժման դիմագրաւումին։ Օրուան Պաշտպանութեան նախարար Ռուբէն ՏէրՄինասեանը այդ ճակատին վրայ կեդրոնացուց 1904-ի Սասնոյ ապստամբութեան ժամանակներէն իր զինակիցները հանդիսացած քաջարի ֆետայիներու՝ խմբապետ Մուշեղի եւ Փեթարայ Մանուկի գլխաւորած Սասունցիներու ջոկատը։ Կողբի կռիւը եղաւ, բառին բուն իմաստով՝՝Գողիաթի եւ Դաւիթի՝՝ անհաւասար ճակատում մը, ուր օրեր շարունակ հայ քաջարի զօրքը հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուաւ քանակով եւ ռազմական ուժով գերհզօր թրքական բանակին դէմ եւ ի վերջոյ ստիպուեցաւ նահանջել...

Կողբի այդ բախտորոշ կռուին էր, որ 35 տարեկանին հերոսաբար ինկաւ հայ ֆետայական շարժման եզակի հերոսներէն Սասունցի Մանուկը՝ պատանի տարիքէն օսմանեան պետութեան դէմ յանուն ազատութեան եւ արդարութեան անվեհեր կռիւ մղած քաջագործ հայ հերոսը։







All the contents on this site are copyrighted ©.