2010-09-11 12:24:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Պրազիլի 28 Եպիսկոպոսներուն.


՜՜Քրիստոնեաներու Միջեւ Միութեան Պակասը Գայթակղութիւն Մըն Է՝՝։

Նորին Սրբութիւնը անցեալ շաբաթ առանձնաբար տեսակցելէ ետք Պրազիլի 28 եպիսկոպոսներուն հետ, իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան աւարտին միասնաբար ընդունեց զանոնք եւ ըսաւ անոնց ` քրիստոնեաներու միջեւ միութեան պակասը ընկերութեան համար գայթակղութիւն մըն է։ Սրբազան Հայրը որ կը պատրաստուի յառաջիկայ 16 սեպտեմերին այցելել Մեծն Պրիտանիան, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը անկլիգան է, զգուշացուց Պրազիլի եպիսկոպոսները մերժել թիւր փորձութիւնը համամիութեան, որակելով զայն որպէս եկեղեցաբանական յարաբերականութիւն։

Միութեան պակասը գայթակղութեան պատճառ է եւ վնասաբեր աւետարանական պատգամին ընդունման ընկերութեան կողմէ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ընդգծելով նաեւ որ երկխօսութիւնը քրիստոնեաներու միջեւ հրամայական է եւ անդարձ նախընտրութիւն։Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց Պրազիլի եպիսկոպոսները գործելու Եկեղեցւոյ միութեան համար, գիտնալով հանդերձ թէ՝ խոչընդոտները բազմաթիւ են։

Նախապէս, Պրազիլի հիւսիս-արեւելքի երրորդ եկեղեցական գաւառի գահերէց եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Սդանուլան իր մտահոգութիւնը յայտնած է, ի տես աղանդներու ու նաեւ անկրօն մարդոց թիւին աճումին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.