2010-09-11 12:23:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 11 սեպտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Գերապայծառ Րէյնհարտ Մարքս` առաջնորդը՝ Միւնիխի թեմին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց նորօծ՝ (2010ին ընթացքին օծուած) եպիսկոպոսները, թիւով 110, որոնք մասնակցեցան ուսումնաժողովին, կազմակերպուած՝ ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովէն։ Անոնց ուղղած խօսքին մէջ, Սրբազան հայրը խորհրդածութիւն կատարեց ՜՜եպիսկոպոսի կոչումին՝՝ մասին։ ՜՜Եպիսկոպոսը որպէս հովիւը իր հօտին, կը սպասուի իրմէ որ յոյս տայ, իր ժողովուրդին եւ ապրի անոնց դժուարութիւնները, ներշնչուելով Քրիստոսի սէրէն, որ է հոգածութիւն, գուրգուրանք, կարեկցութիւն, հիւրընկալութիւն, տրամադրութիւն եւ շահագրգռութիւն մարդոց հարցերու, որոնց համար (մենք հոգեւոր հովիւներ)՝ տրամադրուած ենք մեր կեանքը տալու։

Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ ՜՜Ձեր ամէն առաքելութեան մէջ, նեցուկը կը վայելէք Սուրբ Հոգւոյն, դուք ձեր Օծումով դարձաք ''Այլ Ոմն Քրիստոս` գերագոյն եւ յաւիտենական քահանայ'', սակայն Քրիստոսի նմանելու համար , հարկաւոր է պատշաճ ժամանակ տրամադրել Անոր եւ Իր ընկերութեամբ ապրիլ ՜՜աղօթքով ու մտածականով՝՝։

՜՜Եղէք միշտ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, եղէք այրեր աղօթքի եւ երկիրպագութեան՝՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով՝ ՜՜ Այդ ուղղութեամբ շատ արդիական է Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ-ի խօսքը ''կեանքի վկայութիւնը դարձած է աւելի քան երբեք էական եւ ամէնէն ազդեցիկ քարոզութիւնը''՝՝։ Իմ կարգիս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակելով, ձեզի կ'ընկերանամ իմ աղօթքովս ու հայրական օրհնութեամբս որ ձեզի ու ձեր հաւատացեալներուն կու տամ։

Ուրբաթ 10 Սեպտեմբեր 2010-ին՝ առաւօտեան, Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հունգարիոյ նախագահը տիար Փալ Շմիտ, որ յաջորդաբար տեսակցեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։ Սիրալիր խօսակցութիւնները առիթ ընծայեցին անդրադառնալու Հունգարիոյ իրավիճակին, եւ մասնաւորապէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ բերած սատարին համայն ընկերութեան բարիքին համար, յատկապէս ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի ծիրէն ներս։ Նոյնպէս խօսակցութիւնները կեդրոնացան ՜՜ Հունգարիոյ՝ Եւրոմիութեան վեցամսեայ նախագահութեան վրայ ու ներկայ միջազգային քաղաքական կացութեան կարգ մը հարցերու վրայ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.