2010-09-10 12:50:00

Փոխադարձ Յարգանքը Հիմքը կը կազմէ բոլոր Կրօններու Բարոյական Համակարգին Կ'ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս:


Դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու մէջ մի քանի քրիստոնեայ հոգեւորականներու կողմէ  Քուրանին նկատմամբ ունեցած անվայել կեցուածքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. ՙՄեծապէս դատապարտելի է այս անպատասխանատու վերաբերումը իսլամ կրօնքին գերագոյն արժէքը նկատուող Քուրանին նկատմամբ: Իւրաքանչիւր կրօնք իր ճշմարտութիւնները, սկզբունքները, արժէքները եւ ուսուցումները ունի եւ անոնք սրբազան են այդ կրօնքին համար: Կրօնք մը պէտք է յարգանք ունենայ այլ կրօններու դաւանած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն նկատմամբ: Փոխադարձ յարգանքը հիմքը կը կազմէ բոլոր կրօններու բարոյական համակարգին՚:

Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, Աստուծոյ Որդւոյն՝ Քրիստոսի խօսքը, թէ պէտք է սիրել ու յարգել դրացին. ՙՀամաշխարհայանացած ներկայ աշխարհին մէջ կրօններ միասնաբար կ’ապրին նոյն ընկերութեան մէջ, որպէս անմիջական դրացիներ: Հետեւաբար, փոխադարձ յարգանքը, հասկացողութիւնը ու համակեցութիւնը պէտք է առաջնորդող սկզբունքները դառնան բոլոր կրօններուն: Իւրաքանչիւր կրօնք ազատ է իր դաւանած արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն կառչելու, սակայն այդ չի նշանակեր անարգական վերաբերում ունենալ այլ կրօններու նկատմամբ: Միջին Արեւելքի մէջ դարեր շարունակ իսլամութիւնը ու քրիստոնէութիւնը միասնաբար ապրած են նո՜յն ընկերութեան մաս կազմելով՝ փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ: Հայ ժողովուրդը եւս 7րդ դարէն սկսեալ Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա ու Միջին Արեւելք, խաղաղ գոյակցութիւն ու շինիչ գործակցութիւն ունեցած է իսլամութեան հետ: Ներկայ աշխարհը կը պարտադրէ որ կրօններ ոչ միայն խաղաղ գոյակցութիւն ունենան, այլ նաեւ միասնաբար դիմագրաւեն ներկայ աշխարհի տագնապներն ու մարտահրաւէրները՚, ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:








All the contents on this site are copyrighted ©.