Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Բաժանմունքը կը յայտնէ, թէ Արամ Ա.
Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Կիլիկեան Ս. Աթոռը հրապարակած է Աւետարաններու ընթերցման ձայնասկաւառակները:
Սոյն աշխատանքին մեկենասութիւնը ստանձնած են, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի
նախկին սարկաւագներէն՝ Ֆրէզնոյաբնակ՝ Բարշ. Մարք Սրկ. Շիրին եւ Բարշ. Ռաֆֆի Սրկ. Տէր
Սիմոնեան:
ՙԼսենք Աստուծոյ Խօսքը Աստուածաշունչի ճամբով՚ խորագրին տակ հաւաքուած
11 ձայնասկաւառակներէ բաղկացած հաւաքածոն, կը ներկայացնէ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի
չորս Աւետարաններուն ամբողջական ընթերցումը: Ըստ Մատթէոսի, ըստ Մարկոսի, ըստ Ղուկասի
եւ ըստ Յովհաննէսի Աւետարանները ընթերցուած ունենալու այս աշխատանքը նպատակ ունի հայ
հաւատացեալին օգտակար հանդիսանալ, ունկնդիր ըլլալու Աստուծոյ Խօսքին:
Այստեղ ներկայացուածը
Աւետարաններուն ամբողջականութիւնն է, գլուխներու հերթականութեամբ ընթերցուած, որպէսզի
ներկայ խճողեալ կեանքին մէջ իսկ, երբեմն ինքնաշարժով ճամբորդած ժամանակ, առիթ ունենայ
հայ հաւատացեալը ունկնդիր դառնալու Աստուծոյ Խօսքին: Նաեւ, նկատի առնելով հայերէն կարդալու
դժուարութիւն ունեցող սերունդը, ինչպէս նաեւ տարեց այն սերունդը, որ տեսողութեան դժուարութիւն
ունի, կատարուած է այս աշխատանքը:
Յայտնենք, որ Նոր Կտակարանի միւս գիրքերը,
ինչպէս նաեւ Հին Կտակարանի ընթերցուած տարբերակը հրապարակելու աշխատանքը ընթացքի մէջ
է:
Լեւոն Մելիքսէթ-Բեկ Պատմա-բանասիրական պրպտումներ: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի
հրատարակչութիւնը լոյս է ընծայել Պատմա-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ մատենաշարի
Դ հատորը՝ պրոֆէսոր Լեւոն Մելիքսէթ-Բեկի Պատմա-բանասիրական պրպտումները՝ աշխատասիրութեամբ
Պարոյր Մուրադեանի։ Բովանդակային առումով գիրքը բաժանուած է երեք մասի՝ մատենգարական
եւ մատենագիտական պրպտումներ, պատմութիւն եւ բանահիւսութիւն, վիմագիր վկայութիւններ։
Պրոֆ
Լեւոն Մելիքսէթ-Բեկը Հայոց պատմութեան, մատենագրութեան ու մշակոյթի անդադրուն հետազօտող
էր, ակադեմիկոս Նիկողայոս Մառի սահմանած Հայ-վրացական բանասիրութիւն գիտակարի երեւելի
ներկայացուցիչը։ Գիտնականը Արարատ եւ Էջմիածին հանդէսների տեւական ու ցանկալի հեղինակներից
էր, հմուտ Հայոց եկեղեցական պատմութեանը։
Պրոֆէսորի ծննդեան 120-ամեակի տօնախմբման
օրերին Ս Էջմիածինը նրա յիշատակը հարում է հայերէն հրատարակուած աշխատութիւնների այս
Ընտրանու տպագրութեամբ։ Գիրքը տպագրուել է Սարգիս Գաբրիէլեան հիմնադրամի մեկենասութեամբ։