2010-09-09 13:28:07

Վանի հասարակական կազմակերպութիւնները կը պահանջեն Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ վրայ Խաչը տեղադրել ։


Թրքական ՝՝Կերչեք.կիւնտեմ՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վրայ մինչեւ 19 սեպտեմբերի պատարագը խաչ չտեղադրելու իշխանութիւններու որոշումը Վանի շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններուն կողմէ քննարկման առարկայ դարձած է։ Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատին մէջ հաւաքուած Վանի հասարակական կազմակերպութիւններուն անունով յայտարարութիւն կատարելով՝ Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Զահիր Քանտաշօղլու(որու մասին երէկ ալ խօսեցանք) նշած է, որ շուրջ երկու օրէ ի վեր իրենք հիասթափուած են թրքական իշխանութիւններուն այն որոշումէն, թէ մինչեւ պատարագի օրը եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ տեղադրել կարելի չէ։ Ըստ անոր, Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդը խաչ տեղադրելու թոյլտուութիւնը տուած է, եւ անիկա անպայման պիտի տեղադրուի, սակայն թեքնիք խնդիրի լուծման համար պէտք է միջոցներու ձեռնարկել։
Իսկ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան պատասխանելով գերմանական ՝՝Տէօչէ Վելէ՝՝ պատկերասփիւռի կայանի հարցումներուն յայտնած է, որ յառաջիկայ 19 սեպտեմբերին պիտի նախագահէ հարիւր տարի ետք Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք առաջին պատարագին, նշելով որ Թուրքիոյ հայերը այդ պատարագին ոգեւորութեամբ սպասած են, սակայն խաչը չտեղադրելու լուրը հայերուն այդ ոգեւորութիւնը կոտրեց։
Սրբազանը յիշեցուցած է, որ նախատեսուած է պատարագէն մէկ շաբաթ առաջ խաչը տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին եւ աւելցուցած, որ Թուրքիոյ մէջ 12 սեպտեմբերի հանրաքուէն մէջտեղ եկաւ եւ խաչի տեղադրումը անկարելի դարձաւ, սակայն պատարագի օրը մասնակիցները կրնան տեսնել այն խաչը, որ պիտի տեղադրուի պատարագէն ետք։







All the contents on this site are copyrighted ©.