2010-09-09 13:20:17

Ռամատանի Տօնին Աւարտին Վատիկանի Պատգամը։


Այս օրերուն իսլամական աշխարհը կը տօնախմբէ՝ ՜՜Իտ էլ ֆըթըր՝՝ տօնը, Ռամատանի շուրջ մէկ ամիս տեւող ծոմապահութենէն ետք։

Այս առթիւ Վատիկանի միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը պատգամ մը ուղղած է իսլամ աշխարհին, որուն մէջ կոչ կ'ուղղուի քաղաքացիական պատասխանատուներուն, վերջ տալու միջկրօնական բռնութիւններուն։ Պատգամին վերնագիրն է. ''Քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ միասին, յաղթահարելու՝ միջկրօնական բռնութիւնները''։ Վատիկանի գնահատումով այս նիւթը դժբախտաբար այժմէական է մասնաւորապէս աշխարհի կարգ մը վայրերու մէջ։

Վատիկանի ներկայացուցիչները սրտաճմլիկ կոչ մը կ'ուղղեն քաղաքացիական ու կրօնական իշխանութիւններուն որպէսզի իրենց նպաստը բերեն վերոյիշեալ հարցերուն լուծումին, յանուն ընկերութեան ընդհանուրի բարիքին։ Քահանայապետական խորհուրդը քաղաքացիական իշխանութիւններէն յատուկէն կը խնդրէ որ զարկ տան իրաւունքի գերազանցութեան երաշխաւորելու ճշմարիտ արդարութիւն մը, ձերբակալելով յանձագործերը ու բռնութեան քարոզիչները։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.