2010-09-09 13:37:36

կողմնորոշուած։
ԵԱՀԿ Մինսկի Համանախագահները Պաքուի Մէջ Լծուած Են Բանակցութեանց։


ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) եւ Ռապըրթ Պրատթքի (Միացեալ Նահանգներ) պիտի փորձեն յառաջիկայ ամիսներուն՝ մինչեւ ԵԱՀԿի վեհաժողով մնացած քանի մը ամսուան ընթացքին, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն աջակցութեան իրենց ջանքերը բազմապատկել։
Համանախագահները Սեպտեմբեր 6ին մեկնած են Պաքու եւ երէկ(7 սեպտեմբեր) ամբողջ օրը բանակցութիւններ վարած են Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ: Համանախագահները նախ հանդիպած են Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ, ապա՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, այնուհետեւ իրենց բանակցութիւնները շարունակած են դարձեալ Մամետեարովի հետ: Այսօր 8 սեպտեմբեր համանախագահները պիտի այցելեն Ատրպէյճան-Ղարաբաղ սահմանը, ուրկէ հաւանաբար անցնին Արցախ, ուր կը ծրագրեն հանդիպիլ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.