2010-09-09 13:31:03

Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները յիշեցին 1955-ի՝6-7 Սեպտեմբերի թալանները հրկիզումները ու սպաննութիւնները ։


Ճիշդ 55 տարիներ անցան 6-7 Սեպտեմբերի գիշեր կոչուած օրէն, երբ Կիպրոսի հակամարտութեան օրերուն, ընդհանրապէս յոյներու, բայց նաեւ բոլոր փոքրամասնութիւններ, հայերու դէմ բռնարարքներ գործադրուեցան Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ, թալանի ենթարկուեցան փոքրամասնութիւններուն խանութները, ֆիզիքական յարձակումներ գործուեցան յոյն հոգեւորականներու ու քաղաքացիներու դէմ։ Պատահարները, որոնք ծագեցան իբր թէ Սելանիկի մէջ Աթաթիւրքի տան վրայ յոյներու կողմէ ռումբ արձակուած ըլլալու լուրէն ետք, ամբողջովին կազմակերպուած արարքներ (պետութեան ,բանակի եւ ոստիկաններու գիտակցութեամբ) իսկ ռումբը թուրքերու կողմէ դիտումնաւոր կերպով նետուած էր։ Թրքական թերթեր այսօրերուն յիշեցուցին տխուր այս տարեդարձը ու խօսք տուին Պոլիս դեռ մնացած յոյն անձնաւորութիւններու։Այդ օրերուն բազմաթիւ յոյներ իրենց տունը, գործը լքելով՝ հեռացան թուրքիայէն,հեռացան նաեւ հայէր։







All the contents on this site are copyrighted ©.