2010-09-09 13:25:07

Գարեգին Բ.Ամերիկայի մէջ։


Սեպտեմբեր 5-ին Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հովուապետական այցով մեկնեցաւ ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմ։ Այցի ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 11-ին Պըրպենք քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ թեմի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը։ Սեպտեմբեր 12-ին՝ Խաչվերացի տօնին, նորաօծ տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։ Իսկ Սեպտեմբեր 9-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմին մէջ (Պոսթընի մէջ) Գարեգին Բ-ի հանդիսապետութեամբ, տեղի կ՝ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.