2010-09-08 13:02:45

Ռուսական Արուեստի Փառատօնի Բարձրագոյն Պարգեւ Շարլ Ազնաւուրին :

Հայազգի մեծ երգիչին 2011-ին Աշնան Համերգները։


Քաննի մէջ Օգոստոս 25-ին հայազգի մեծ երգիչ եւ Զուիցերիոյ մէջ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շարլ Ազնաւուրին յանձնուած է ռուսական արուեստի փառատօնի բարձրագոյն պարգեւը։ Ֆրանսահայ էսդրատային անուանի մեկնաբանը արժանացած է պատուոյ նշանի՝ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ մշակութային կապերուն ամրապնդման մէջ իր ունեցած մեծ աւանդին համար։

Նշենք, որ այս հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է Փառատօներու եւ քոնկրեսներու Քաննի պալատին մէջ Ռուսական գիշերուան ընթացքին եւ հովանաւորուած է Ռուսիոյ Առաջին տիկնոջ՝ Սվետլանա Մետվետեւի կողմէ։

Յայտնենք, որ աշխարահռչակ մեկնաբանը մտադիր է բեմ վերադառնալ։ Այս մասին նշած է Եուրոփ - 1 ձայնասփիւռի կայանը, թէ 2011-ի աշնան Շ Ազնաւուր երգահանդէսներ պիտի ունենայ Փարիզի Օլիմփիա համերգասրահին մէջ։

Ըստ Շ Ազնաւուրի, այդ երգահանդէսները վերջինները պիտի ըլլան։ Ես կըլլամ 87-88 տարեկան, եւ ժամանակ մը կու գայ որ պէտք է կանգ առնել, ըսած է ան։ Ազնաւուր նշած է նաեւ, որ հրաժեշտ պիտի չտայ բեմին, այլ միայն ցտեսութիւն պիտի ըսէ, որովհետեւ չի սիրեր այդ բառը։ Յիշեցնենք, որ Շ Ազնաւուրի առաջին երգահանդէսը տեղի ունեցած է 1956-ին, Օլիմփիա համերգասրահին մէջ, իսկ վերջինը՝ 2007-ին Ֆրանսայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.