2010-09-08 12:48:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 8 սեպտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Սրբազան Հայրը, այս առաւօտ ժամը 10-ին Գասդել Կնտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցէն, ուղղաթիռով մեկնեցաւ Վատիկան, ուր ժամը 10.30 Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Ունկնդրութեան աւարտին ժամը 12 ին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Եւրոմիութեան Խորհուրդի Խորհրդարանի Ժողովի Գրասենեակի անդամներէն 40 հոգինոց շքախումբին հետ։ Հանդիպումէն ետք ժամը 12.15 Նորին Սրբութիւնը դարձեալ ուղղաթիրով վերադարձաւ Գասդել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամարանոցը։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, իր այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ՜՜Սրբուհի Հիլտէկարտի Տէ Պինկէնի՝՝ գործունէութեան վրայ։ Այս նիւթին մասին Նորին Սրբութիւնը արդէն անդրադարձած էր անցեալ շաբաթ ալ։

Յիշելով սրբուհիին գրութիւնները, Սրբազան Հայրը մատնանշեց անոր խոր հաւատքը եւ իմաստալից միտքը որուն գագաթնակէտը՝ ստեղծագործութեան եւ Աստուծոյ միջեւ կապի նկարագրութիւնն է. ՜՜Մարդը ստեղծագործութեան կեդրոնն է, Սուրբ Հոգիին համանուագը եւ իր կեանքը կը ստանայ Սուրբ Երրորդութենէն՝՝։

Նորին Սրբութիւնը Սրբուհի Հիլտէկարտը կը ներակայացնէ, որպէս հին գերմանացի մարագարէուհի, որ իր վերջին օրերը կ̓անցնէ խօսելով Աստուծոյ մասին եւ խրատելով ու քաջալերելով իր շուրջինները խորացնելու իրենց հոգեւոր կեանքը եւ քրիստոնէավայել կեանք մը ապրելով, իւրաքանչիւրը իր կոչումին համաձայն։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան քահանայապետը.

Սրբուհի Հիլտէկարտը մեզի ցույց կու տայ թէ կիները որքանով կարող են խօսելու Աստուծոյ ու անոր խորհուրդներու մասին։ Թող Սուրբ Հոգին ներշնչէ եկեղեցւոյ մէջ քաջ եւ սուրբ տիկինները որպէսզի կարենան արժէքաւորել Աստուծոյ շնորհքները եւ սատարել հոգեւոր կեանքի հարստութեան մեր համայնքներէն ներս։

Իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը արտայայտուեցաւ յառաջիկայ 16 սեպտեմբերին Անգլիա կատարելիք իր ճամբորդութեան մասին, շնորհակալութիւն յայտնելով Անգլիոյ կառավարութեան, եկեղեցական կարոյցին՝ կաթողիկէ թէ Անկլիգան, եւ ժողովուրդին, տարած պատրաստութիւններու համար եւ յատկապէս կեդրոնանալով Երանելի Ճոն Հենրի Նիւմանի Սրբադասութեան արարողութեան ու Երանելիին կենցաղի վրայ։

Խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, Տիրոջմէն հայցելով՝ որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. ՜՜այսօր տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամի Ծննդեան։

Վատիկանի Տիեզերական Բ. Ժողովը կը հաստատէ թէ Մարիամ կը կանխէ հաւատքի մեր քայլերը, որովհետեւ հաւատաց Աստուծոյ Խօսքին կատարման՝՝։

Ձեզի երիտասարդներուդ համար, կը հայցեմ Տիրամօր շնորհքը, որպէսզի ունենաք հասուն հաւատք մը, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ. եւ հիւանդներուն համար կ̓աղերսեմ շնորհքը աւելի զօրաւոր հաւատքի, իսկ նորապսակեալներուն կը մաղթեմ աւելի խոր հաւատք մը ։

Հուսկ՝ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.