2010-09-08 16:04:22

Մեսրոպեանի Տեղեկատուական/ Ուսումնասիրական Խմբակի Այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Լիբանան - Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին անդամները, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստին եւ խմբակի խորհրդատու ուսուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեանին 7 սեպտեմբեր 2010-ին, այցելեցին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ։

Հանդիպման ընթացքին վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ ներկայացուց տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին կարեւորութիւնն ու հետապնդող նպատակները, մանաւանդ լրատուական մարզին համար երիտասարդ մարդուժ պատրաստելու հեռանկարը։







All the contents on this site are copyrighted ©.