2010-09-08 13:02:59

Թրքական ՝՝Պէյազ.կազեթէ՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Զահիր Քանտաշօղլու յայտարարած է, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ վրայ մինչեւ պատարագը պէտք է Խաչ տեղադրել։


Զահիր Քանտաշողլու աւելցուցած է, որ պատարագին չմասնակցելու հայ հոգեւորականներու որոշումը շատ ճիշդ է։ Կը խոստանանք, սակայն մեր խոստումը չենք կատարեր։ Ատիկա սխալ է։ Պէտք է անյապաղ տեղադրել խաչը։ Խնդիրը պէտք է լուծէ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը։ Նախարարին նամակ պիտի գրեմ եւ հարցի քննարկման համար հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ Վանի երեսփոխաններուն մասնակցութեամբ նիստ պիտի հրաւիրեմ(ըսած է Քանտաշօղլու)։







All the contents on this site are copyrighted ©.