2010-09-07 13:00:36

Նիւ Եորքի Բնակչութեան Երկու Երրորդը Հակառակ Է ՜՜Կրաունտ Զիրօ՝՝ Կոչուած Վայրին Մէջ Մզկիթի Մը Շինութեան։


Ըստ ՜՜Նիւ Եորք Թայմզի՝՝ կատարած հարցախոյզին` Նիւ Եորքի բնակչութեան երկու երրորդը դէմ արտայայտուած է ՜՜Իսլամական կեդրոնի՝՝ մը շինութեան ՜՜ՙԿրաունտ Զիրո՚՝՝ կոչուած վայրին մէջ - ուր 11 սեպտեմբեր 2001-ին, տեղի ունեցած էր ահաբեկչական մահափորձի ոճիրը, պատճառելով աւելի քան 3000 զոհեր։ Հարցաքննուողներու մեծամասնութիւնը սակայն համաձայն գտնուած է առաջարկելու եւ գտնելու ՜՜կեդրոնի՝՝ շինութեան տարբեր վայր մը, հաստատելով որ Իսլամ Համայնքն ալ իրաւունք ունի իր կեդրոնը ունենալու։ Սի էՆ էՆ ամերիկեան հեռուստատեսիլի համաձայն, ամերիկացիներու 70 ար հարիւրը հակառակ է այս ձեռնարկին։

Յիշենք թէ ձեռնարկը ստացած է Ամերիկայի Նախագահ Պարագ Օպամայի օրհնութիւնը։ ։

Ամերիկացիներու Հանրային կարծիքը կը մնայ բաժնուած երկու մասի` մինչ երբեմնի ՜՜թուին թաուըր՝՝ի շէնքերուն հողամասին վրայ, նախատեսուած 400 ՜՜խոզկաղնիի՝՝ ծառերէն, տնկուեցան 16-ը խորհրդանշելու՝ խաղաղութեան եւ յոյսի փափաքը։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.