2010-09-07 12:55:11

Մինսքի խմբակի համանախագահները վճռականօրէն կը դատապարտեն զինադադարի որեւէ խախտում Պաքուի մէջ։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) եւ Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ) պիտի փորձեն յառաջիկայ ամիսներուն՝ մինչեւ ԵԱՀԿ-ի վեհաժողովը մնացած քանի մը ամսուան ընթացքին, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն աջակցութեան իրենց ջանքերը բազմապատկել։ ԵԱՀԿ-ի կայքէջին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան համաձայն, համանախաահները 6-10 սեպտեմբեր պիտի այցելեն Պաքու, Երեւան եւ Լեռնային Ղարաբաղ՝ քննարկելու համար զինադադարի դրութեան ամրապնդման համար անհրաժեշտ յաւելեալ միջոցները, աջակցելու փոխ-զիջման ոգիով բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ աւարտելու հետագայ գործողութիւններուն համար պայմաններու մրցումը։ Սեպտեմբերի երրորդ շաբաթը համանախագահները պիտի ուղեւորուին Ուաշինկթըն, յետոյ՝ Նիւ Եորք, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի քուլիսներուն մէջ կողմերուն հետ աշխատելու նպատակով։ Դիտարկումներու արդիւնքներուն հիման վրայ ձեռք բերուած եզրակացութիւններ պիտի ներկայացուին Վիեննայի մէջ, այնուհետեւ համանախագահները պիտի պատրաստեն տարեկան զեկուցում մը ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի գործունէութեան մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.