2010-09-07 13:00:21

Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին Պատգամը Արարչագործութեան Օրուան Առթիւ


''Տնտեսական տագնապը պէտք է յարուցէ մտայնութեան մեծ յեղաշրջում մը''։

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կողմէ հաստատուած Արարչագործութեան օրուան առթիւ` մէկ սեպտեմբերին, Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը գերերջանիկ Բարթողոմիոս Ա. իր ուղղած պատգամին մէջ, յոյս կը յայտնէ որ աշխարհի տնտեսական եւ ֆինանսական տագնապը, որ կը հարուածէ շատ մը ընկերութիւններ, յառաջ բերէ մտայնութեան մեծ յեղաշրջում մը, ի նպաստ նոր բարգաւաճումի մը, հիմնուած՝ բնապահպանումի վրայ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.