2010-09-07 13:01:03

Լուրեր Հայ Եկեղեցիէն


Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը Վճռեց Չմասնակցիլ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագին։

Հակազդելով թրքական իշխանութիւններու՝ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ չտեղադրելու որոշումին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը վճռեց չմասնակցիլ 19 սեպտեմբերին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագին։ Նշենք, որ 2 սեպտեմբերին, Վանի նահանգապետ Միւնիր Քարալօղլու, Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած էր որ թեքնիք պատճառներով կարելի պիտի չըլլայ խաչը տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին մինչեւ պատարագի արարողութիւնը։ Նահանգապետը յայտնեց, որ 200 քիլոկրամ կշռող խաչը տեղադրելը բաւական դժուար գործ է», ըսած էր Աթեշեան՝ աւելցնելով, որ խաչը եկեղեցւոյ գմբէթին պիտի տեղադրուի պատարագէն ետք, իսկ մինչ այդ պիտի ցուցադրուի եկեղեցւոյ բոլոր այցելուներուն։ Յիշեցնենք, որ 2007 թուականին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն աւարտէն ետք, Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պաշտօնապէս դիմած էր թրքական իշխանութիւններուն՝ եկեղեցւոյ վրայ խաչ տեղադրելու խնդրանքով։ Այդ նպատակով պատրիարքը յատուկ խաչ պատուիրած եւ ուղարկած էր Վան՝ յոյս ունենալով, որ օր մը թրքական իշխանութիւնները կ՚ընդառաջեն իր դիմումին։

Հայ Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան Հիմնադրութեան 130-ամեակը։

Իր հիմնադրութեան 130-ամեակին առիթով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը եռօրեայ համագումար մը կազմակերպեց Սըհէյլէի Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի վանքին մէջ։ Համագումարը կը կրէր «Քանզի թէեւ ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք Տիրոջմով. Ուստի լոյսի որդիներու պէս քալեցէք» (Եփեսացիս 5:8) վերնագիրը։

Համագումարին մասնակցեցան 65 անդամ-անդամուհիներ։

Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան վարչութեան խօսքը ընթերցեց Համբիկ Թորոսեան, ան նշեց, որ 1880 թուականէն սկսեալ հայրենի երկրի ժողովուրդին մէջ եւ հարազատ Հայ առաքելական մայր եկեղեցիէն ծնունդ առաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը եւ 130 տարիներու աւանդով այսօր կը հասնի մեզի։ Ապա Ռուբէն Մանկասարեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց եղբայրակցութեան հիմնադրութեան 130-ամեակի պատմական ակնարկը ։ Ան ըսաւ, որ եղբայրակցութեան հիմնադիրները եղած են Գրիգոր վարդապետ Ոսկերիչեան, Ղեւոնդ քահանայ Ճենանեան եւ Հաճի Եղիսաբէթ Լաբաշլեան։ Սկզբնական շրջանին միութիւնը կը ճանչցուի «Սիրոյ ընկերութիւն» անունով, իսկ նպատակն էր քրիստոնէական սէրը տարածել հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Երեք հիմնադիրներն ալ նահատակուեցան 1895-1915 տեղի ունեցած ջարդերուն։

Տեղի ունեցան երեք դասախօսութիւններ առաջինը Զաւէն Թորոսեանինը «Աստուծոյ սպառազինութիւնը» Նիւթով երկրորդը Արփինէ Թորոսեանի «Յիսուսի ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ» նիւթին մասին իսկ երրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Մակի Առաքելեան։ Ան նմանցուց ոչ պտղատու հաւատացեալին կեանքը այն ծառին, որուն արմատը խորունկ չէ եւ կը շարժի։ Կիրակի, 5 սեպտեմբերին մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագին։ Ապա տեղի ունեցան երկու այլ դասախօսութիւններ զոր ներկայացուցին Սեպուհ Գարավարդանեան եւ Յարութիւն Գարատաղլեան։

Համագումարի աւարտին կատարուեցան շինիչ առաջարկներ՝ եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան գործունէութիւնը առաւել աշխուժացնելու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։



Ս. Պատարագ` Մրուժի Մար Թաքլա Եկեղեցւոյ Մէջ։

Տարիներու սովորութեան համաձայն, կազմակերպութեամբ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան, կիրակի, 5 սեպտեմբեր 2010-ին, Մրուժի Մար Թաքլա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ զոր մատոյց եւ քարոզեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան։ Տէր հայրը մէջբերելով Մարկոսի Աւետարանի 7-րդ գլուխը՝ խօսեցաւ Յիսուսի առաջին հրաշագործութեան մասին, թէ ինչպէ՛ս հաւատացեալներ խուլ եւ համր մէկը բերելով խնդրած են անոր բժշկութիւնը։ Այս դրուագը կապելով մեր առօրեայ կեանքին՝ տէր հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները կառչած մնալու Աստուածաշունչին եւ եկեղեցւոյ, աղօթելու կարիքաւորներուն եւ կարօտեալներուն համար, ինչպէս նաեւ խնդրելու Աստուծմէ, որ բանայ մեր հոգիները, աչքերը եւ ականջները՝ լսելու համար Իր խօսքը։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք, որմէ ետք ալ սիրոյ սեղան մը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.