«Սի.Էն.Էն.»ի միջազգային սպասարկութիւնը իր «Worldview» ծրագիրին ընդմէջէն, այս շաբաթավերջին
պիտի ցուցադրէ Տաթեւի վերականգնման 50 միլիոն տոլարի ծրագիրին մասին՝ «Երկիր Մետիա»ի
լրագրող Գայեանէ Աւետիսեանի պատրաստած հաղորդումը: «Սի.Էն.Էն.»ի միջազգային սպասարկութիւնը,
Ուրբաթ եւ Շաբաթ կանուխ առաւօտեան կատարուած եւ կատարուելիք սփռումներուն կողքին, Քալիֆորնիոյ
ժամով յայտագիրը պիտի սփռէ հետեւեալ ժամերուն՝ Սեպտեմբեր 5ին՝ երեկոյեան ժամը 6:30ին. Սեպտեմբեր
6ին՝ առաւօտեան ժամը 1:30ին. Սեպտեմբեր 7ին՝ երեկոյեան ժամը 8:30ին. Յայտագիրը
կարելի է դիտել Երկուշաբթի օր, www.cnn.com/worldview համացանցային կայքին վրայ: