2010-09-06 12:14:03

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի Սեպտեմբեր Ամսուայ Աղօթքի Դիտաւորութիւնը։


՝՝Խաղաղութիւնը եւ Մարդկային Իսկական Բարգաւաճումը՝՝ ։
՝՝Խաղաղութիւն եւ Բարգաւաճում՝՝ահաւասիկ երկու եզրերը Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութեան, ներկայ Սեպտեմբեր ամսուայ համար.... Ընդհանուր Դիտաւորութեան մէջ Քահանայապետը հաւատացեալներէն կը խնդրէ ՝՝աղօթել՝՝ որպէսզի Աստուծոյ Խօսքի քարոզութիւնը(Աւետարան)՝՝ վերանորոգէ մարդոց սրտերը ,քաջալերելով զանոնք ըլլալու՝ դերակատարները ընկերային իսկական յառաջդիմութեան մը ։ Իսկ Աղօթքի Միսիոնարական Դիտաւորութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ որ՝՝ սրտերը բանալով վերջ տրուին այն բազմաթիւ պատերազմներուն որոնք կ՝արիւնեն աշխարհը՝՝։
՝՝Բարգաւաճումը նոր անունն է խաղաղութեան(զայս հաստատած էր երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.Սրբազան Քահանայապետը) եւ Պենետիկտոս ԶԺ. Սրբազան Հայրը այս նախադասութիւնը գիտակցաբար իրը կ՜ընէ մէջբերելով զայն ՝՝Սէրը՝ Ճշմարտութեան մէջ՝՝ խորագիրը կրող իր Շրջաբերականի էջերուն , ընդգծելով անհրաժեշտութիւնը ՝՝մարդկային ամբողջական բարգաւաճում մը մարդասիրութեամբ եւ ճշմարտութեամբ՝՝։ Խաղաղութիւնը կերտելու համար (կ՝ազդարարէ Սրբազան Հայրը) հարկ է պայքարիլ աղքատութեան դէմ։ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը կ՝ընդգծէ որ ընկերային իսկական բարգաւաճումի հիմը՝անհատն է, որ ՝՝Քրիստոս կը յայտնէ իր ամենախոր արժանաւորութեամբը՝՝.Ինչպէս որ վերջին ֆինանսական տագնապը ցոյց տուաւ (կը շեշտէ Նորին Սրբութիւնը) կարելի չէ առանձնաշնորհել ՝՝այն ինչ որ նիւթական է եւ արուեստագիտական՝բաղդատմամբ այն ինչ որ՝բարոյական է եւ հոգեկան ։Նման բնագաւառէ ներս ուստի կարեւոր է գիտնալ յաղթահարել՝անհատապաշտական եւ նիւթապաշտական մտայնութիւնները,քանի որ նոյնիսկ տնտեսական ընտրութիւններէ ներս՝ հարկ է քրիստոնէական մարդկայնապաշտութիւն մը։
Սրտերու անկեղծ ապաշխարհութիւնը(կ՝ըսէ Պենետիկտոս ԶԺ.) կը ներկայացնէ ճշմարիտ ճանապարհը, միակը որ մեզմէ իւրաքանչիւրը եւ համայն մարդկութիւնը կրնայ առաջնորդել բաղձացուած խաղաղութեան,ճանապարհը որ ցոյց կուտայ մեզի Յիսուս, Ան (Տիեզերքի Թագաւորը) աշխարհ չեկաւ բանակով մը խաղաղութիւն բերելու համար՝այլ մերժելով բռնութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը կը խնդրէ սրտերու ապաշխարհութիւն, դառնալու համար խաղաղութեան հարազատ գործիչներ,եւ մասնաւորապէս կը հրաւիրէ երիտասարդները ՝՝դառնալու խաղաղութեան գլխաւոր դերակատարները ՝մերժելով վճռակամ եսասիրութիւնը,անտարբերութիւնը եւ ատելութիւնը՝՝ ։
՝ 







All the contents on this site are copyrighted ©.